«Նոր Սերունդ» Ամսաթերթ - Nor Serount Monthly

«Նոր Սերունդ» Ամսաթերթ - Nor Serount Monthly Contact information, map and directions, contact form, opening hours, services, ratings, photos, videos and announcements from «Նոր Սերունդ» Ամսաթերթ - Nor Serount Monthly, Magazine, PO Box 51, Ryde NSW 2112, Sydney.

Յարգելի ընթերցող,Լոյս տեսած է "Նոր Սերունդ" Ամսաթերթի 2րդ թիւը՝ Փետրուար 2023:Շնորհակալութիւն____The latest issue of "No...
22/02/2023

Յարգելի ընթերցող,
Լոյս տեսած է "Նոր Սերունդ" Ամսաթերթի 2րդ թիւը՝ Փետրուար 2023:
Շնորհակալութիւն
____
The latest issue of "Nor Serount" Monthly has been published.
If you would like to subscribe and receive this publication for FREE via email, you may register with the following link:
NOR SEROUNT MONTHLY - Distribution List
https://docs.google.com/forms/d/e/1FAIpQLSfSZNXx2Y-4NsA77OVUPHkZYvuTuYjBsOZKA4ItAadSDMGlwQ/viewform
Thank you
NS Monthly

19/01/2023

ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ Է «ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ» ԱՄՍԱԹԵՐԹԻ ԱՌԱՋԻՆ ԹԻՒԸ

Աւստրալահայ գաղութը կը հարստանայ նոր ամսաթերթով մը:Աւստրալիոյ հայ համայնքի ընկերակցութեան (ACAA) նախաձեռնութեամբ, արդէն հրատարակուած է «Նոր Սերունդ» ամսաթերթին առաջին թիւը: Այս նոր հրատարակութիւնը կը շոշափէ ազգային թղթածրարներ, գաղութային, մշակութային եւ հայ ընթերցողը հետաքրքրող այլ նիւթեր: «Նոր Սերունդ»-ին մէջ դուք պիտի ընթերցէք հայրենիքին եւ գաղութին վերաբերող նիւթեր, հարցազրոյցներ, հաղորդագրութիւններ եւ յօդուածներ:
Ինչպէս նշուած է «Նոր Սերունդ» ամսաթերթի առաջին թիւին մէջ, նման հրատարակութեան դիմելու որոշումը առնուած է նկատի առնելով հայութեան դիմաց ցցուած մարտահրաւէրները զանազան միջոցներով դիմակայելու, ժողովուրդին եւ հայրենիքին բարօրութիւնը ապահովելու համար գաղութը զօրակոչի ենթարկելու եւ նոր սերունդը ազգային կեանքին մասնակից դարձնելու հրամայականը, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մէջ հայը հայ պահելու առաքելութիւնը: 2023-ի առաջին օրերուն ամանորեայ նման նուէր մը մատուցելով գաղութին, Աւստրալիոյ հայ համայնքի ընկերակցութիւնը կը յուսայ, որ գանատական Թորոնթօ քաղաքին մէջ հրատարակուող «Լուսաբաց»-ին հետ գործակցաբար հրատարակուող «Նոր Սերունդ» ամսաթերթը երկար շարունակէ իր առաքելութիւնը, որուն համար կ'ապաւինի նաեւ գաղութի փոքր, սակայն որակեալ ընթերցասէր խաւի աջակցութեան:
Ըլլալով անդրանիկ յատուկ հրատարակութիւն, «Նոր Սերունդ» ամսաթերթի Յունուար ամսուան գունազարդ 60 էջերով թիւը իր նիւթերուն մէջ տեղ յատկացուցած է նաեւ անցնող տարուայ վերջին օրերու զարգացումներուն եւ յայտարարութիւններուն:
«Նոր Սերունդ» ամսաթերթը կը հրատարակուի տպագիր ու ելեկտրոնային տարբերակներով՝ հասանելի ըլլալու համար բոլորին: Ուստի, «Նոր Սերունդ» ամսաթերթի արդէն հրատարակուած առաջին, նաեւ գալիք թիւերը ստանալու համար կարելի է ելեկտրոնային նամակ (Email) ուղարկել [email protected] հասցէին, նշելով ձեր ելեկտրոնային հասցէն՝ թուային տարբերակը ստանալու համար, կամ ձեր ֆիզիքական հասցէն՝ տպագիր տարբերակի առաքումը կազմակերպելու համար:
Վստահ ենք, որ «Նոր Սերունդ» ամսաթերթը իր ազդեցիկ դերը պիտի ունենայ մեր ազգային կեանքը կատարելագործելու ուղիին վրայ:

ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅՍ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸԳաղտնիք չէ, որ հայ ժողովուրդն ու մեր հայրենիքը՝ Հայաստանն ու Արցախը կը դիմագրաւեն օրհասական օր...
18/01/2023

ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՅՍ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Գաղտնիք չէ, որ հայ ժողովուրդն ու մեր հայրենիքը՝ Հայաստանն ու Արցախը կը դիմագրաւեն օրհասական օրեր, բազում մարտահրաւէրներ եւ գոյութենական վտանգներ: Ազգային առումով վիճակը աւելի լաւ չէ Սփիւռքի մէջ, ուր օր ըստ օրէ կը դժուարանայ հայը հայ պահելու առաքելութիւնը: Ուստի, Սփիւռքի գաղթօճախներուն մէջ այսօր մենք յայտնուած ենք կրկնակի մարտահրաւէրի առջեւ՝ հայ մնալ եւ հայրենիքը պահպանել: Անկասկած, դժուար առաքելութիւն է ազգի ճակատագրով մտահոգուած իւրաքանչիւր հայու համար, դժուարութիւն մը, որուն յաճախ կը μախի նաեւ Աւստրալիոյ հայ համայնքը:
Նկատի ունենալով ամէնօրեայ դրութեամբ ուռճացող մարտահրաւէրները, անհրաժեշտ կը համարենք նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութիւնը եւ անոր ներգրաւումը մեր ազգային կեանքին մէջ՝ դիմագրաւելու համար նոր դժուարութիւնները, իրազեկ դառնալու հայրենիքի զարգացումներուն, եւ հնարաւորութիւնները ծառայեցնելու յանուն մեր ազգային նպատակներու իրագործումին:
Ինչպէ՞ս սատարել հայրենիքին, իմանալ Հայաստանի ու Արցախի խնդիրները, եւ ընդհանրապէս ինչո՞ւ վառ պահել հայկական ոգին մանաւանդ ձուլումի վտանգին ենթակայ նոր սերունդին մօտ: Նշեալ հարցադրումները անμաժան մասնիկն են մեր բոլորին մտորումներուն, ուստի այս ճակատագրական օրերուն աւելի քան երբեք հրամայական կը համարենք գաղութի բոլոր զաւակներուն հետ հաղորդակցութեան զարգացումը եւ անոնց ներգրաւումով ջանքերու մէկտեղումը՝ յանուն ազգային նպատակներու իրագործումին: Այս տեսլականով մեր ռատիոժամին եւ թուային էջերուն կողքին կը հրատարակենք «Նոր Սերունդ» ամսաթերթը, որ հասանելի պիտի ըլլայ գաղութի բոլոր խաւերուն՝ տրամադրելով տեղեկութիւններ հայրենիքին եւ գաղութին մասին:
«ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ»

Address

PO Box 51, Ryde NSW 2112
Sydney, NSW
2113

Website

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when «Նոր Սերունդ» Ամսաթերթ - Nor Serount Monthly posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Business

Send a message to «Նոր Սերունդ» Ամսաթերթ - Nor Serount Monthly:

Share