11/07/2023
ՅՈՅՍ
Տրտունջ, հեգնանք, հայհոյանք ու դառնացում ամէն դի...
Սակայն ճիչերն այս խօլ, խենթ՝ զառանցագին ու բոլոր
Մէկըզմէկու դէմ լարուած բախումներն այս տըմարդի,
Մաղձով, լացով շաղախուած՝ ժողովուրդի մը մոլոր
Այս փոթորկումը ներքին, զուր գալարման պէս մահուան,
Անոր պոռթկումն յաւակնոտ՝ այս հողերուն մէջ օտար,
Սրբազան հուրն են կեանքի՝ որ կը քալէ դարէ դար,
Ծովն անսահման՝ ուրկէ դուրս կրնայ գալ նոր, յաղթական
Աստղիկ մը դեռ՝ բարձրանալ դիցերէն վեր բոլոր հին
Ու կուռքերէն վեր նորեկ՝ այս նիւթապաշտ աշխարհին,
Լուսաւորել մարդկային, աստուածային իր շունչով,
Ըլլալ մտածում եւ մարմին, գեղեցկութիւն հոգեթով։
ՊԷՏՔ Է ՈՐ...
Պէ՞տք է որ մենք ըլլանք հեզ՝ որ ունենանք մահ մը հեզ,
Եւ բարեհաճ նայուածքով կրնանք մեր աչքը փակել,
Կուշտ, գոհ՝ մենէ, փառքերէն, վայելքներէն, թէ մենք մեզ
Ատենք, ըզգանք խեղճ, դըժբախտ եւ կամ կեանքին անընտել,
Կամ ըլլանք խենթ, մենք իյնանք կըռուէն գինով քաջին պէս:
Պէ՞տք է որ մենք հաւատանք Տիրոջ, խաբենք մենք մեզ դեռ
Մահուան առջեւ, (մեծ վախով ես կը նայիմ միշտ անոր),
Տանք մեզի՝ մեր վատութեան սին զրահներ ու զարդեր
– Յաւերժութիւն, բարութիւն, երանութիւն, կեանք մը նոր...
Բայց մենք, ահա, Անոր հետ մեր միացման մէջ, ներքին
Ուրացմուէն վերջ նոյնիսկ, զոհաբերման, սըրբացման
Մէջ իսկ կ’ըլլանք միշտ գերին մերթ մեր անձին,
մերթ կեանքին՝
Երբ ամէն օր կը թաղենք քիչ քիչ՝ մեր մէջ ամէն բան...
Եւ ռազմիկին քաջութիւնն է խեղճ պատրանք մը տարբեր...
Կեղծի¯ք, կեղծի¯ք... Օ¯, խաղաղ, կարենալու համար մեր
Բուն, պարզ մահովը մեռնիլ, հասուն միրգի մը նըման,
Չըվերյիշենք Տէրն ու մեզ՝ այդ վայրկեանին մահաբեր...
Չարթըննանք մեր քունէն, կամ յանկարծ իյնանք մենք
ճամբան,
Իյնանք հիւանդ եւ ցաւէն ըզգայազիրկ՝ եւ անբան...
ՆԻԿՈՂՈՍ ՍԱՐԱՖԵԱՆ
https://www.facebook.com/Printinfo.Publishing/photos/pb.100042993436990.-2207520000./5688316307859324/?type=3
ՆԻԿՈՂՈՍ ՍԱՐԱՖԵԱՆ
ՔԵՐԹՈՂԱՆՔ
Աշխատասիրութեամբ Գրիգոր Պըլտեանի
Սարգիս Խաչենց . Փրինթինֆո
Երեւան 2022