1988-էն ի վեր Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան Սիտնի Մասնաճիւղը կը հովանաւորէ «Նոր Սերունդի Ձայն» Հայկական Ռատիոժամի հաղորդումները, ունկնդիրներուն հրամցնելով հայկական երգեր, դաստիարակչական ու գաղափարական նիւթեր, հաճելի հարցազրոյցներ, ինչպէս նաեւ վերջին լուրերը հայրենիքէն, սփիւռքէն եւ Աւստրալիայէն:
Տարիներ շարունակ «Նոր Սերունդի Ձայն»ը Սիտնի գաղութին հրամցուցած է բարձր որակի յայտագիրներ ու հաղորդո
ւմներ ամէն Կիրակի երեկոյեան` 2RRR Ռատիոկայանի FM 88.5 MHz ալիքէն: Այս ձայնասփռումը սկսած ըլլալով երեսուն վայրկեան հաղորդումով մը հասած է երկու ժամի, շնորհիւ վարչութեան ու «Նոր Սերունդի Ձայն»ի անձնակազմի հսկայ զոհողութիւններուն, դարձնելով զայն գաղութիս շատերուն կողմէ սիրուած եւ ունկնդրուած յայտագիր մը:
1997-ին «Նոր Սերունդի Ձայն»ը առաջին հայկական ռատիոժամը եղաւ ոչ միայն Սիտնիի այլ ամբողջ աշխարհի մէջ իր յայտագիրները ձայնասփռելով համաշխարհային ցանցի (Internet) վրայ՝ դառնալով նաեւ բոլոր աշխարհի հայութեան ռատիօ հաղորդումը:
Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան գործունէութեան մէջ իւրայատուկ տեղը կը գրաւէ «Նոր Սերունդի Ձայն»ը, որ տարիներ շարունակ դարձած է գաղութին ամենավստահելի լուրերու ու տեղեկութիւններու աղբիւրը: «Նոր Սերունդի Ձայն»ի յայտագիրները յատուկ են նաեւ իրենց ներկայացումով ու բովանդակութեամբ: Ան նպատակ դարձուցած է ներգրաւել երիտասարդ ունկնդրողներուն, ներկայացնելով ճոխ յայտագիրներ ինչպէս նաեւ նորավերջին երգեր ու եղանակներ:
Տարիներ շարունակ, Սիտնիի հայութիւնը, ամէն Կիրակի ունկնդրելով «Նոր Սերունդի Ձայն»ին իր ընտանեկան յարկէն ներս մտցուցած է հայ երգն ու եղանակը, հայ լեզուն ու հայ ոգին, ու կապած զայն իր մայր հայրենիքին, ամրացնելով ու զօրացնելով հայրենիքի սէրն ու յարգանքը:
Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը կը հաւատայ ռատիոժամերու կարեւոր դերը հայապահպանման գործին մէջ ու այս ուղիով համոզուած պիտի շարունակէ իր սուրբ նպատակը տասնեակ տարիներ շարունակ:
Մեր խորհին շնորհակալութիւնը կ'ուզենք յայտնել մեր սիրելի ընկերոջ՝ Վաչէ Տէմիրճեանին, որու շնորհիւ «Նոր Սերունդի Ձայն»ը ծնունդ առաւ 16 Նոյեմբեր 1988 թուականին: Նոյնպէս մեր խորին շնորհակալութիւնները կ'ուղղենք ընկերներ՝ Թորոս Պօյաճեան ու Վաչէ Թոփուզեանին, որ տարիներ շարունակ կը հաղորդեն բարձր որակի յայտագիրներ։
Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան շնորհակալութիւնները կը յայտնենք նաեւ բոլոր անոնց որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին ու կը բերեն ռատիոժամի յայտագրին մէջ: Իսկ կարեւորագոյնը, յատուկ շնորհակալութիւն մեր բոլոր ունկնդիրներուն որ տարիներ շարունակ «Նոր Սերունդի Ձայն»ը ընտրեցին որպէս իրենց հայկական ռատիոժամը:
Նոր Սերունդի «Մեծ Ընտանիք»ը լաւատեսօրէն աչքերը յարած է ապագային ու պատրաստ է նուաճելու նորանոր յաջողութիւններ շնորհիւ ազգանուէր անձնաւորութիւններու ու հայրենասէր գաղութի:
Կեցցէ՛ «Նոր Սերունդի Ձայն»ը:
Կեցցէ՛ Հայ ժողովուրդը,
Ն.Ս.Մ.Մ. Վարչութիւն
Սիտնի