Hairenik Weekly - Հայրենիք Շաբաթաթերթ

Hairenik Weekly - Հայրենիք Շաբաթաթերթ Hairenik Weekly

«Հայրենիք» շաբաթաթերթը սկսած է լոյս տեսնել 1899 Մայիս 1-ին, Նիւ Եորքի երկրորդ պողոտայի թիւ 628 նկուղին մէջ, 240 ամերիկեան տոլար դրամագլուխով։ 1899-1913 ժամանակամիջոցին որպէս շաբաթաթերթ լոյս տեսնելէ ետք, 1913 Յունիսին «Հայրենիք» վերածուած է երկօրեայի, մինչեւ 1915 Դեկտեմբեր 4։ Այդ թուականին «Հայրենիք» սկսած է լոյս տեսնել որպէս օրաթերթ։ 1991 թուականին, գլխաւորաբար նիւթական պատճառներով, «Հայրենիք»ը կ

րկին վերածուած է շաբաթաթերթի։

Շաբաթաթերթ, երկօրեայ թէ օրաթերթ, աւելի քան հարիւր տարիներու իր կեանքով, «Հայրենիք»ը հայ մամուլի ներկայ իրականութեան մէջ հայ լրագիրներու նահապետն է։ Անոր կը յաջորդեն Պոլսոյ «Ժամանակ»ը եւ Լոս Անճելոսի «Ասպարէզ»ը, որոնց ծննդեան թուականը 1908 է։

Այս երթին զուգահեռ, «Հայրենիք» Ընկերակցութիւնը ունի պատմականացած իրագործումներու շարք մը։ 1922-1971 շրջանին «Հայրենիք» ամսագրի հրատարակութիւնը (1922-1967 ամսաթերթ, 1968-1971 եռամսեայ) սփիւռքեան հայ գրական եւ մշակութային տարեգրութեան ամենափայլուն էջերէն մէկն է։ «Հայրենիք» ամսագրի միջոցաւ մասնակի զօրաշարժի կ՚ենթարկուէր հայ ժողովուրդն ու հայ մտաւորականութիւնը, հանրային սեփականութիւն կը դառնային հասուն թէ նորահաս գրական արժէքներ, պատմաքաղաքական, ընկերային, գաղափարախօսական, յուշագրային եւ ստեղծագործական իրագործումներ։

Հայատառ այս իրագործումներու կողքին, «Հայրենիք» Ընկերակցութիւնը լոյս ընծայած է անգլիատառ հրատարակութիւններու՝ «Armenian Weekly» (1934-էն սկսեալ) եւ «Armenian Review» 1949-1978։ Վերջինիս պատասխանատուութիւնը 1978-էն ի վեր ստանձնած է ՀՅԴ Բիւրոն եւ զայն լոյս ընծայած որպէս եռամսեայ ակադեմական անգլիատառ պարբերաթերթ։

Մամլոյ այս հրատարակութիւններու կողքին, «Հայրենիք» Ընկերակցութիւնը լոյս ընծայած է նաեւ մեծ թիւով հայատառ եւ անգլիատառ գիրքեր։

Address

80 Bigelow Avenue
Watertown, MA
02472

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Hairenik Weekly - Հայրենիք Շաբաթաթերթ posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Business

Send a message to Hairenik Weekly - Հայրենիք Շաբաթաթերթ:

Share

Nearby media companies


Other News & Media Websites in Watertown

Show All