Գանձարան - Hamazkayin Publishing, Bookstore

Գանձարան - Hamazkayin Publishing, Bookstore Kantsaran is the Official page of Hamazkayin "Vahe" Sethian" Printing-Publishing House and Bookstore.

Այսօր երեկոյեան, 24 մարտին,  ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպած ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆԻ առեւանգման եւ նահատակութեան 40...
24/03/2025

Այսօր երեկոյեան, 24 մարտին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպած ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆԻ առեւանգման եւ նահատակութեան 40-ամեակի յիշատակի հանդիսութեան ընթացքին, կրնաք ապահովել Կարօ Յովհաննէսեանի հեղինակած եւ Համազգային «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն լոյս տեսած նոր հատորի ձեր օրինակը:

21/03/2025
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ  մանկապարտէզի երրորդ դասարանի դասագիրքի թղթածրարի ուղեկից՝ ԿԵԴՐՈՆԱ...
14/03/2025

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ մանկապարտէզի երրորդ դասարանի դասագիրքի թղթածրարի ուղեկից՝ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐՈՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ գիրքը: Ստանալու համար դիմել՝ Համազգայինի գրախանութ:

Սփիւռքահայ գրագէտ Ճորճ Աբէլեանի «Աննա Հարսը» վէպը կը նկարագրէ Մեծ Եղեռնի օրերուն Քեսապի տեղահանութիւնն ու տարագրեալներու...
07/03/2025

Սփիւռքահայ գրագէտ Ճորճ Աբէլեանի «Աննա Հարսը» վէպը կը նկարագրէ Մեծ Եղեռնի օրերուն Քեսապի տեղահանութիւնն ու տարագրեալներու ոդիսականը։ Վէպը կը ներկայացնէ Աննայի կեանքը, որ կ՛ապրի դժուար միջավայրի մէջ, ուր մարդկային յարաբերութիւնները եւ ընտանիքի դերը կարեւոր տեղեր ունին։ Վէպը կը պարունակէ սիրոյ, անձնական ու հասարակական փոխյարաբերութիւններու կապը։

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմել՝ Համազգայինի գրախանութ
📌 Shaghzoyan Center, Harboyan Street, Bourj Hammoud, Lebanon
📞 Contact us 01- 241 262
📞 Cell + (961) 70 580 167

Կայծեր Բ«Կայծեր»–ը 19րդ. դարու հայ ազատագրական շարժումներու գեղարուեստական հանրագիտարանն է: Իր ընդգրկումներով, պատմափիլի...
04/03/2025

Կայծեր Բ

«Կայծեր»–ը 19րդ. դարու հայ ազատագրական շարժումներու գեղարուեստական հանրագիտարանն է: Իր ընդգրկումներով, պատմափիլիսոփայական հագեցուածութեամբ և գեղարուեստ հիւսուածքով, ան զարգացման նոր աստիճանի բարձրացուց հայ ազգային վէպը:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմել՝ Համազգայինի գրախանութ
📌 Shaghzoyan Center, Harboyan Street, Bourj Hammoud, Lebanon
📞 Contact us 01- 241 262
📞 Cell + (961) 70 580 167

01/03/2025
ԶԱՀՐԱՏԸ՝ 800 ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՃԱԽՆԵՐՈՒ ՄԷՋԵրեքշաբթի, 25 փետրուարին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Գիր եւ Գրականութ...
26/02/2025

ԶԱՀՐԱՏԸ՝ 800 ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՃԱԽՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 25 փետրուարին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Գիր եւ Գրականութիւն» մասնագիտացած մասնաճիւղի կազմակերպած «Ծաղկաքաղ Արեւմտահայ Գրականութեան»՝ աշակերտական եւ ժողովրդային հանդիսութիւններու ընթացքին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան նախաձեռնութեամբ «Զահրատ 100 բանաստեղծութիւն» հատորը մուտք գործեց աւելի քան 800 հայկական օճախներու մէջ։
Հաճելի ընթերցանութիւն բոլորին։

Այսօր, երեքշաբթի, 25 փետրուարին, Զահրատի այս նոր լոյս տեսած հրատարակութիւնը նուէր պիտի տրամադրուի հանդիսատեսներուն:Յայտն...
25/02/2025

Այսօր, երեքշաբթի, 25 փետրուարին, Զահրատի այս նոր լոյս տեսած հրատարակութիւնը նուէր պիտի տրամադրուի հանդիսատեսներուն:
Յայտնենք, որ այս առաւօտեան, նոյն առիթով, Համազգայինի կազմակերպած աշակերտական հանդիսութեան ընթացքին հատորը նուէր տրամադրուեցաւ նաեւ հայկական բոլոր վարժարաններու աշակերտութեան:

Մանկապարտէզի 3-րդ դասարանի դասագիրքի ծրարը արդէն  2024-2025 տարեշրջանին կ'օգտագործուի հայկական վարժարաններու մէջ:Ծրարը կ...
24/02/2025

Մանկապարտէզի 3-րդ դասարանի դասագիրքի ծրարը արդէն 2024-2025 տարեշրջանին կ'օգտագործուի հայկական վարժարաններու մէջ:

Ծրարը կը պարունակէ դասագիրք, գրավարժութեան տետրակ, վարժութիւններու տետրակ, 8 որմազդ, Flashcard, բանալի բառեր, ուսուցիչի ուղեցոյց:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմել՝ Համազգայինի գրախանութ
📌 Shaghzoyan Center, Harboyan Street, Bourj Hammoud, Lebanon
📞 Contact us 01- 241 262
📞 Cell + (961) 70 580 167

Համազգայինի նախաձեռնութեամբ (2024-ին) Հայաստանի մէջ լոյս տեսաւ Զահրատի «100 բանաստեղծութիւն» հատորը` բանաստեղծի ծննդեան ...
20/02/2025

Համազգայինի նախաձեռնութեամբ (2024-ին) Հայաստանի մէջ լոյս տեսաւ Զահրատի «100 բանաստեղծութիւն» հատորը` բանաստեղծի ծննդեան 100-ամեակին առիթով։
Գործակցաբար Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին, «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունը նպատակայարմար գտաւ հատորը հրատարակել նաեւ Լիբանանի մէջ։
Արդարեւ, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Գիր եւ գրականութիւն» մասնագիտացած մասնաճիւղի կազմակերպած` «Արեւմտահայ բանաստեղծութիւններու ծաղկաքաղ» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ, լոյս կը տեսնէ այս հատորը, որ հանդիսատեսներուն հրատարակչատան կողմէ նուէր պիտի տրամադրուի աշակերտական հաւաքին, ինչպէս նաեւ ժողովրդային հանդիսութեան ընթացքին։
Արեւմտահայ բանաստեղծութեան հանդէպ նորահաս սերունդներու հետաքրքրութիւնը ծաւալելու եւ ընդհանրապէս արեւմտահայ գրականութիւնը ժողովրդային լայն խաւերուն դիւրամատչելի դարձնելու նկատառումով, Համազգայինի հրատարակչատունը մի՛շտ ալ կը փորձէ իր առաքելութիւնը ծաւալել ու իբրեւ այդպիսին սփիւռքի հոգեմտաւոր կեանքի աշխուժացման մէջ բերել իր մասնակցութիւնը։
Հատորը կը նուիրուի լիբանանահայ գաղութի մշակութային կեանքի ոլորտին մէջ իր մեծ ներդրումը բերած տաղանդաւոր ասմունքող Իրմա Գապաքեան-Տէտէեանին յիշատակին. ան դժբախտաբար կեանքէն շուտ բաժնուեցաւ, սակայն անոր վաստակը կը մնայ անմար։
Շնորհակալութիւն ու երախտագիտութիւն կը յայտնենք Լագիսեան ընտանիքին, որ սիրայօժար ստանձնեց գիրքին հրատարակութեան մեկենասութիւնը։

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ»
ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏԱՆ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Պէյրութի գրասենեակին, 1 Փետրուար 2025-ի առաւօտուն, մասնակցութեամբ Ֆրա...
05/02/2025

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Պէյրութի գրասենեակին, 1 Փետրուար 2025-ի առաւօտուն, մասնակցութեամբ Ֆրանսայի 6 մանկապարտէզներու, տեղի ունեցաւ Համազգայինի կողմէ պատրաստուած մանկապարտէզի երեք տարիներու դասագիրքերու առցանց ներկայացում։

Մասնակից վարժարաններն էին` Վալանսի Գէորգ Արապեան վարժարանը, Ալֆորվիլի Արապեան Սուրբ Մեսրոպ վարժարանը, Լը Ռենսիի Դպրոցասէր Տիկնանց Վարժարանը, Լիոնի Մարգարեան-Փափազեան վարժարանը, Իսի-լէ-Մուլինոյի Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանը եւ Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանը։

Հանդիպման բացումը կատարեց գրասենեակի տնօրէն Արին Գալուստեան, ապա հերթաբար ներկայացումներ կատարեցին դասագիրքերու հեղինակներ` Սեդա Մածունեան, Թալին Եահնիեան եւ Արազ Քալաշեան։ Անոնք մանրամասնօրէն բացատրութիւններ տուին գիրքերու դասաւանդման եւ կիրարկման զանազան ձեւերու մասին։ Հանդիպման աւարտին իր խօսքը փոխանցեց Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան եւ բացատրութիւն տուաւ գիրքերու ցրուումի պայմաններուն մասին։

Address

Borj Hammoud

Opening Hours

Monday 08:00 - 17:00
Tuesday 08:00 - 17:00
Wednesday 08:00 - 17:00
Thursday 08:00 - 17:00
Friday 08:00 - 17:00
Saturday 08:00 - 12:00

Telephone

+9611241263

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Գանձարան - Hamazkayin Publishing, Bookstore posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Business

Send a message to Գանձարան - Hamazkayin Publishing, Bookstore:

Videos

Share

Category

About us

1931 The publishing activities of Hamazkayin were launched in Beirut.

1944 The Publishing House started publishing “Agos”, the Djemaran Alumni Union’s magazine.

1946 The Publishing House started publishing the complete works of author Levon Shant.

1947 Following N. Aghpalian’s death, and as stipulated in his will, the Publishing House became the property of Hamazkayin. Hence, the Hamazkayin Central Executive Board decided to rename it “Hamazkayin Publishing House”.