Telepace Armenia Խաղաղութեան Ձայն

  • Home
  • Telepace Armenia Խաղաղութեան Ձայն

Telepace Armenia Խաղաղութեան Ձայն Telepace Armenia è uno strumento per divulgare le ricchezze del patrimonio religioso, sociale e culturale degli Armeni.

23/02/2025

23.02.2025թ. - Բ. զկնի Առաջաւորի

21/02/2025
Հրաւէր
21/02/2025

Հրաւէր

Կիրակի,16 փետրուար 2025-ի երեկոյեան,Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արհի.Տ.Գէորգ եպս. Ասատուրեանի , «Կ...
20/02/2025

Կիրակի,16 փետրուար 2025-ի երեկոյեան,Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արհի.Տ.Գէորգ եպս. Ասատուրեանի , «Կեանք՝ ի հեճուկս մահուան» գիրքի շնորհահանդէս գինեձօնը:
Բազմաթիւ համայնքի զաւակներ, բարեկամներ ու գրասէրներ ներկայ էին եկեղեցւոյ մէջ, գլխաւորութեամբ՝ բարձրաստիճան եկեղեցականներու, որոնց շարքին էր Գերաշնորհ Տ.Արմաշ եպս. Նալպանտեանը Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդը, ինչպէս նաեւ հոգեւոր հայրերու ու առաքինազարդ քոյրերու:
Ձեռնարկը վարեց եկեղեցւոյ ժրաջան պատասխանատուներէն պր.ժօրժ Նազարը որ կարճ ներածականէ մը ետք խօսքը տուաւ համայնքիս «Սիրոյ ընտանիք» սկաուտախումբի ընդհանուր պատասխաանատու, խմբապետ Ժոնի Նաքազէին որ դրուատիքով ու երախտագիտութեամբ խօսեցաւ Գերապայծառ Տիրոջ հոգատար ու հայրական վերաբերմունքին մասին, հանդէպ համայնքի շուրջ գործող կազմակերպութիւններուն ու այն յատուկ վերաբերմունքին ու վստահութեան որ ունի Գերապայծառ Տէրը երիտասարդութեան նկատմամբ: Այնուհետեւ Շանթ Քէշիշեանը կատարեց գիրքի ներկայացումը հայերէն լեզուով, վեր առնելով հատորի մէջ շեշտադրուած, Գէորգ եպիսկոպոսի մեծ հաւատքը, բարեսրտութիւնը, խանդավառ ու նուիրեալ ծառայութիւնը կարիքաւորներուն ու Հիւանդներուն: Ան անդրադարձաւ գիրքի ամենահուզիչ գլուխին ուր Տ.Գէորգ եպիսկոպոս կը պատմէ իրեն պատահած անողոք հիւանդութեան մասին ու հրաշագործութեամբ ստացած բուժման՝ Լուրտի Ս.Աստուածամօր բարեխօսութեամբ: Այնուհետեւ խօսքը տրուեցաւ Գերյ.Հ.Գէորգ ծ.վրդ. Պահէեանի, ժողովրդապետը եկեղեցւոյս, որ կատարեց գիրքի ընդարձակ ներկայացումը արաբերէն լեզուով, աւարտին իր սէրն ու յարգանքը արտայայտելով հանդէպ Գերապայծառ Տիրոջ, որու հետ ծառայելու ու աշխատելու գոհունակութիւնը ունեցաւ վերջին տարւոյն ընթացքին: Վերջապէս Գերապայծառ Տէրը իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն, ապա տեղի ունեցաւ աւանդական գինեձօնի արարողութիւնը: Գերապայծառ Տէրը, եկեղեցւոյ մուտքին, մակագրեց ու բոլոր ներկաներուն նուիրեց օրինակներ նորատիպ գիրքէն:

16/02/2025

16.02.2025թ. - Ա. զկնի Առաջաւորի

ՏՕՆ ՍՐԲՈՑՆ ՍԱՐԳՍԻ ԶՕՐԱՎԱՐԻՆ և ՈՐԴՒՈՅ ՆՈՐԱ ՄԱՐՏԻՐՈՍԻՆ և ՉՈՐԵՔՏԱՍԱՆ ԶԻՆՈՐԱՑՆ։ՇԱՐԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԶՕՐԱՎԱՐԻՆՀեղինակ՝...
15/02/2025

ՏՕՆ ՍՐԲՈՑՆ ՍԱՐԳՍԻ ԶՕՐԱՎԱՐԻՆ և ՈՐԴՒՈՅ ՆՈՐԱ ՄԱՐՏԻՐՈՍԻՆ և ՉՈՐԵՔՏԱՍԱՆ ԶԻՆՈՐԱՑՆ։

ՇԱՐԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԶՕՐԱՎԱՐԻՆ
Հեղինակ՝ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ
Հաւատարիմ եւ ընտրուած ծառայ Ամենասուրբ Երրորդութեան,
Յաղթող սպառազէն եւ քաջ նահատակ.
Ո՜վ արագահաս Սուրբ Սարգիս, շնորհքի բնակարան,
Բարեխօսէ Քրիստոսի մօտ մեր անձերուն համար։
Երնաւոր Թագաւորին դուն սուրբ զօրագլուխ եւ մենամարտիկ,
Անմահին սիրով խաչուած աշխարհին հանդէպ,
Ո՜վ արագահաս Սուրբ Սարգիս, խաչով պսակուած,
Բարեխօսէ Քրիստոսի մօտ մեր անձերուն համար։
Արդարութեան Արեգակին մեծ ռահվիրայ եւ պայծառ արուսեակ,
Լուսածագին արեւմուտքէն ցոլացող,
Ո՜վ արագահաս Սուրբ Սարգիս, անմար ճառագայթ,
Բարեխօսէ Քրիստոսի մօտ մեր անձերուն համար։
Հայոց մեծաց դուն աւետաբեր հիւսիսէն դիմելով իրենց երկիրն,
Իբրեւ հարաւի հով պարարտ դաշտի վրայ,
Ո՜վ Արագահաս Սուրբ Սարգիս, անմահութեան տունկ,
Բարեխօսէ Քրիստոսի մօտ մեր անձերուն համար։
Առաքելական զէնքով զրահաւորուած մտար քաջութեան հանդէսին մէջ,
Մարտիրոս քու որդիովդ վկայելով Պարսկաստանի մէջ։
Ո՜վ արագահաս Սուրբեր՝ Սարգիս եւ Մարտիրոս,
Մեծ նահատակներ,
Բարեխօսեցէք Քրիստոսի մօտ մեր անձերուն համար։
Գերագոյն պատիւ ստացար Բարձրեալէն՝ բարեխօս Աստուծոյ Խօսքին,
Աղաչանքները կատարող եւ աղօթքները լսող.
Ո՜վ արագահաս Սուրբ Սարգիս, գերիներն ազատող,
Բարեխօսէ Քրիստոսի մօտ մեր անձերուն համար։
Մարդուն ցաւալի կեանքին, դո՛ւն զօրեղ բժիշկ եւ արցունքները սրբող,
Չարչարուողներուն նեղութիւնները դիւրացնող եւ վիշտերու սփոփանք.
Ո՜վ արագահաս Սուրբ Սարգիս, դեւերն հալածող,
Բարեխօսէ Քրիստոսի մօտ մեր անձերուն համար։
Անուն գեղեցիկ եւ բարի՝, դո՛ւն քաղցր եւ անուշ պտուղ
Հաւատացեալներու շուրթերուն,
Գիշեր ու ցերեկ դո՛ւն յոյսով կոչուած,
Ամէն տեղ դո՛ւն յիշուած եւ փառաւորուած.
Ո՜վ արագահաս Սուրբ Սարգիս, գերիները փրկող,
Բարեխօսէ Քրիստոսի մօտ մեր անձերուն համար։
Անմահ Խօսքին դուն յոյսի սաղաւարտ՝ դրուած մեր իշխանին գլխուն,
Ձեռքի աջին սուր եւ հաւատքի վահան՝
Քրիստոսասէր զօրքերու եւ զօրապետներու,
Ժամանակին հասնող, ո՜վ Սուրբ Սարգիս,
Ընտիր հեծեալներու դո՛ւն ամուր պարիսպ,
Բարեխօս եղիր Քրիստոսի մօտ մեր անձերուն համար։

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ Չորեքշաբթի, 12 Փետրուար 2025-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4-ին, Հայ Կաթողիկիէ Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ Պէյ...
13/02/2025

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Չորեքշաբթի, 12 Փետրուար 2025-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4-ին, Հայ Կաթողիկիէ Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ Պէյրութի Պատրիարքական Թեմի կղերական դասի հաւաք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Զմմառի Պատրիարքական Կղերին պատկանող Եպիսկոպոսներ եւ միաբան Վարդապետներ։
Հանդիպումը սկսաւ «Ս. Աւետում» եկեղեցիին մէջ աղօթքի բացումով, որուն նախագահեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը։
Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը խօսք առաւ՝ գոհաբանական եւ երախտագիտական զգացումները բարձրացնելով Աստուծոյ, որ այս տարին ու ժամանակը շնորհեց բոլորիս՝ օգտագործելու զայն «բարին եւ դրական արժէքները հետապնդելու համար մեր եւ ուրիշներու հոգիներուն փրկութեան համար»։
Ապա, ժողովին գահերէց Կաթողիկոս-Պատրիարքը հրաւիրելէ յետոյ Հայրերը, որ ուշադրութիւն դարձնեն 2025 թուականի Տիեզերական Եկեղեցիին կողմէ յայտարարուած «Յոյսի Յոբելեան»-ին եւ անոր առընչուող ձեռնարկներուն, նկատի առնելով մասնաւորապէս 12-14 Մայիս 2025-ին կազմակերպուելիք արարողութիւնները, Հռոմի մէջ, խօսքը տուաւ իր խորհրդական, հոգեւոր ու մշակութային ձեռնարկներու վարիչ Գերյ. Հ. Գրիգորիս Ծ․Վ․ Սերէնեանին, որ ժողովականներուն փոխանցէր անդրագոյն մանրամասնութիւններ այս ուղղութեամբ։
Ամենպտ. Հոգեւոր Տէրը բերկրագին անդրադաձաւ «պատմականօրէն աննախընթաց իրողութեան մը մասին, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 19 Հոկտեմբեր 2025-ին, Հռոմի «Ս. Պետրոս» հրապարակին վրայ, երբ Ֆրանկիսկոս Սրբազան Քահանայապետը «Սուրբ» պիտի հռչակէ երկու հայազգի Երանելիները՝ Տէր Կոմիտաս Քհյ. Քէօմիւրճեան (1656-1707) եւ Հ. Իգնատիոս Արքեպիս. Մալոյեան (1869-1915) Նահատակները։ Այս պարագային ալ Գերերջ. Հայրապետը խօսք տուաւ Հ. Գրիգորիսին, որ ներկաներուն փոխանցէր որոշ ճշդումներ այս նիւթին շուրջ։
Հուսկ, գահերէց Կաթողիկոս-Պատրիարքը որպէս լիազօր Առաջնորդը Պէյրութի Պատրիարքական Թեմին՝ կը յայտարարէր իր դիտաւորութիւնը նկատմամբ կառուցային բարեկարգումներ իրականացնելու իր վիճակին մէջ։ Այս առաջին հանդիպումով՝ կենդրոնացաւ «Դիւան-քարտուղարութեան» կենսական պաշտօնէութեան վրայ՝ նշելով, թէ Գերյ. Հ Նարեկ Ծ․Վ․ Մնոյեանին կը յանձնէր սոյն գրասենեակին համակարգումի պատասխանատուութիւնը՝ կրելով միաժամանակ «Դրան քարտուղարի» (sincello) տիտղոսը։
Պէյրութի Պատրիարքական Հայ Կաթողիկէ Թեմին վերաբերող կառոյցներուն համակարգումին համար «Լրատուական եւ Հաղորդակցութեան Գրասենեակ»-ին պատասխանատուութիւնը Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը յանձնեց Գերյ. Հ. Մերսոպ Ծ․Վ․ Թոփալեանին եւ Հայր Նարեկ Ծ․ Վրդ․ Մնոյեան-ին: Նոյն գրասենեակին աշխատանքային ծիրէն ներս՝ արաբերէն լեզուին բաժանմունքին համար նշանակեց որպէս օժանդակ անձ Պրն․ Շարպէլ Պասթուրին։
Ժողովը փակուեցաւ Ամենպտ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին «հրաւէրով՝ դարձեալ հաւաքուելու աղօթքի եւ խորհրդածութեան հանդիպումին», որ տեղի պիտի ունենայ Պատրիարքարանին մէջ, Երեքշաբթի, 25 Փետրուար 2025-ին, «Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից» պանծալի տօնին առիթով։


Պէյրութ, 12 Փետրուար 2025

Դիւան
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան

12/02/2025

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ 2025-Ի ՅՈԲԵԼԵԱՆԻ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

11/02/2025

ՊՈԼՍՈՅ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 200 ԱՄԵԱԿԻՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑՈՒՄԸ

11/02/2025
10/02/2025
10/02/2025

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ, ՊԷՐՈՒԹ։

09/02/2025

09.02.2025թ. - Առաջաւորի բարեկենդան

08/02/2025

Address


Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Telepace Armenia Խաղաղութեան Ձայն posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Business

Send a message to Telepace Armenia Խաղաղութեան Ձայն:

Videos

Shortcuts

  • Address
  • Telephone
  • Alerts
  • Contact The Business
  • Videos
  • Claim ownership or report listing
  • Want your business to be the top-listed Media Company?

Share