Սարգիս Զէյթլեանի ելոյթը Սասնոյ Բ. ապստամբութեան 75 ամեակի տօնակատարութեան
Սասնոյ երկրորդ ապստամբութենէն անցած է 120 տարի եւ այսօր ամբողջովին նո՛յնն է պատգամն ու դասը Սասունի մէջ ինկածներուն, որոնց զոհողութեան գերագոյն իմաստը կը բացատրէր այս ելոյթով, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկեր Սարգիս Զէյթլեանը, ճիշտ 45 տարիներ առաջ, 28 Ապրիլ 1975-ին:
«Զոհողութենէ վախցող, զոհատւութենէ վախցող, արեան տեսքէն սարսափող ժողովուրոդներուն համար ասպարէզ չկայ պատմութեան մէջ: Անոնց տեղը գերեզմանն է վերջ ի վերջոյ: ...Այն ժողովուրդը կամ ազգը, որ զոհեր տալ չի՛ գիտեր, չի՛ կրնար ապրեցնել իր սերունդները:
«Եթէ կեանքը ինքը անհատական մակարդակի վրայ պայքար է մնայուն, ազգային ճակատի վրայ պատերա՛զմ է: Այդ պատերազմը կրնայ ձեւը փոխել, բայց երբէք չի՛ կրնար դուլ ու դադար ճանչնալ. այդ պատերազմը կրնայ տարբեր զէնքերով մղուիլ, բայց պիտի մղուի, եւ պիտի մղուի ի գին մեծ զոհողութիւններու»:
Հատուած, 29 Ապրիլ 1979 թուականին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած Սասնոյ Բ. ապստամբութեան 75 ամեակին նուիրուած միջոցառման ընթացքին, #ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ, նահատակ ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի ելոյթէն:
Ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի ելոյթը Մայիս 28-ի առթիւ
«Այո՛, մեր պատմութեան անկիւնադարձը ճի՛շդ Մայիս 28-ին օրը, ճի՛շդ Հայկի արձակած նետին պէս վճռակամ, անտեղիտալի եւ անդարձ նոր հունի մէջ մտաւ: Եւ Թուրանիզմի առջեւ խոնարհեցան բոլորը, լեզու, մշակոյթ, ազգային նկարագիր, պատիւ վրայ տուին բոլորը: Եւ բոլորի՛ն աչքին առջեւ մէկ փոքրիկ ժողովուրդ կրցաւ ոտքի կենալ եւ ո՛չ ըսել պատմութեան չարիքին: Այս «ոչ»ին զրահակիրներն ենք մենք. այս «ոչ»ին անտեղիտալի ուխտակիրնե՛րն ենք մենք:
«Ծանիր զքե՛զ»...:
Դուն աշխարհակալութիւններու հետ ճամբայ ելար, բոլորը փոշիացան, դուն կը շարունկես յաւերժութեան քո երթը. եւ կը շարունակես այնքան ատէն, որքան ատէն արժանի ես: Վա՛յ այն օրը, երբ որ մեր աղեղը սկսի թոյլնալ եւ մեր արձակած նետը աւրուած փաշփուշտի պէս իր նետը մեր աչքին միայն նետէ: Վա՛յ մեզ, երբ որ դադրինք մենք մեզ ճանչնալէ եւ դադրինք մենք մեզի արժանի ըլլալէ:»
#ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Սարգիս Զէյթլեանի ելոյթը Մայիս 28-ի առթիւ:
Յ. գ.- Կը խնդրենք բոլորէն, պատրաստուած տեսանիւթը ներբեռնելով չտեղադրել (download-upload) ձեր անձնական կամ հանրային էջերուն վրայ (profile կամ page). իսկ կիսելը (share) քաջալերելի է. շնորհակալութիւն:
1916 Մայիս 15...
Դու ամէնքին հասնում էիր օգնութեան,
Քեզ ազդում չէր ոչ հուր, ոչ սուր, ոչ գնդակ.
Ամէնքին անխտիր էիր դու պաշտպան,
Կոչմանդ արժանի հերոս Քեռի Խան:
patreon.com/user?u=73078513
«...Հիմա ատէն մը եկած է, որ պէտք է գիտականօրէն պատրաստուին մեր տղաքը, որովհետեւ այս անգամ քանակը չէ, որ կարեւորութիւն ունի, այլ որակն է. պէտք է որակով կազմակերպուինք եւ ցոյց տանք մեր դարաւոր թշնամիին, թէ հայն ալ կրնայ ապրիլ յաւիտեան ազատ ու անկախ»:
https://www.patreon.com/user?u=73078513
Նեմեսիսեան արդարադատ բազուկ, հայ ժողովուրդի հերոս զաւակներէն Արշաւիր Շիրակեանի մահուան 50 ամեակին առիթով, կը հրապարակենք անոր խօսքը, որ նկարահանուած Ցեղասպանութեան Յիսնամեակին իր յուշերուն՝ «Կտակն էր նահատակներուն» գիրքի հրատարակութեան առիթով:
https://arftroshag.blogspot.com/2022/04/blog-post_11.html
patreon.com/user?u=73078513
Այսօր Հայդուկապետ Նիկոլ Դումանի ծննդեան 156 ամեակն է
patreon.com/user?u=73078513