Բագին Գրական Պարբերաթերթ

Բագին Գրական Պարբերաթերթ Բագին Գրական Պարբերաթերթ, հիմնուած 1962ին։
(5)

ԳԱՅ ՂԱԶԱՆՉԵԱՆԾնած է 1991-ին, Երեւան։> 2007-2011. Երեւանի Գեղարուեստի պետական ակադեմիա, գեղանկարչութեան բաժանմունք։> 2011...
21/08/2024

ԳԱՅ ՂԱԶԱՆՉԵԱՆ

Ծնած է 1991-ին, Երեւան։
> 2007-2011. Երեւանի Գեղարուեստի պետական ակադեմիա, գեղանկարչութեան բաժանմունք։
> 2011-2013. Երեւանի Գեղարուեստի պետական ակադեմիա, մագիստրատուրա։

ԿԱՐԴԱԼ ԱՒԵԼԻՆ` https://pakine.net/archives/7147

#Բագին #Գրական #Պարբերաթերթ #Համազգային #ԱՐՈՒԵՍՏ

Բագին Մատենաշար 📚 ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ➤ ՇԱՀՊԱԶ➤ ԾԱԿ-ՊՏՈՒԿԸ➤ ՀԱՃԻ ԱՊՈՒԼԼԱՀ #Բագին  #Գրական  #Պարբերաթերթ          #Համազգային
17/08/2024

Բագին Մատենաշար 📚 ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ
➤ ՇԱՀՊԱԶ
➤ ԾԱԿ-ՊՏՈՒԿԸ
➤ ՀԱՃԻ ԱՊՈՒԼԼԱՀ

#Բագին #Գրական #Պարբերաթերթ #Համազգային

https://hairenikweekly.com/?p=60776
14/08/2024

https://hairenikweekly.com/?p=60776

ԸՆԿ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆԻ ՀՐԱԺԵՇՏԸ Դեռ ամիս մը առաջ, կրթական մշակ, գրագէտ, դասագիրքերու հեղինակ, յօդուածագիր, դասախօս, հասարակական գործիչ Յարութիւն Քիւրքճեան Լիզ.....

Աբովեան 1/1 հասցէն գտնելը շատ հեշտ է․ մայրաքաղաքի սրտում քիչ պահպանուած շէնքերից մէկի ներքին ընդարձակութիւնը երեւակայութ...
14/08/2024

Աբովեան 1/1 հասցէն գտնելը շատ հեշտ է․ մայրաքաղաքի սրտում քիչ պահպանուած շէնքերից մէկի ներքին ընդարձակութիւնը երեւակայութեան մեծ տեղ է բացում։ Բարձրանում եմ երկրորդ յարկ, որտեղ պիտի հանդիպեմ Վազգէն Բրուտեանին։ Լուսաւոր երկու սրահները միանգամից ներս են կլանում։ Ցուցասրահ յիշեցնող հատուածը երկու բաց կամարներով միանում է աշխատարանի հատուածին։ Աշխատանքային երկու սեղանները յագեցած են․ փորձարկումների համար ամէն բան մանրամասնօրեն նախատեսված է։ «Արդեան» դիզայներական ընկերութեան գրասենեակ-ցուցասրահում եմ։
—ՔՈՉԱՐԵԱՆ ԱՆՈՒՇ

ԿԱՐԴԱԼ ԱՒԵԼԻՆ` https://pakine.net/archives/6137

#Բագին #Գրական #Պարբերաթերթ #Համազգային #Հարցազրոյց #ՔոչարեանԱնուշ

ՄԱՀԱԶԴ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան պաշտօնաթերթ «Բագին» գրական գեղարուեստական պարբերաթերթի խմբագրութիւ...
09/08/2024

ՄԱՀԱԶԴ

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան պաշտօնաթերթ «Բագին» գրական գեղարուեստական պարբերաթերթի խմբագրութիւնը կը գուժէ իր խմբագրական խորհուրդի անդամներէն, «Բագին»-ի երկարամեայ աշխատակից, սփիւռքահայ վաստակաշատ մտաւորական եւ կրթական մշակ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆի մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 8 Օգոստոս 2024-ին։

ՎԵՐԾԱՆԵԼՈՎ ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆԸՅ. ՎԵՐԾԱՆՈՂՅ. Օշականի անունին ու գործին, յատկապէս վէպերուն կապուած՝ առգոյ է «դժուարութեան», «բար...
06/08/2024

ՎԵՐԾԱՆԵԼՈՎ ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆԸ

Յ. ՎԵՐԾԱՆՈՂ

Յ. Օշականի անունին ու գործին, յատկապէս վէպերուն կապուած՝ առգոյ է «դժուարութեան», «բարդութեան» ընդհանուր տպաւորութիւն մը: Աւելի չէզոք բանաձեւումով՝ «ընթեռնելիութեան» խնդիր մը:
Երեւոյթը ունի առարկայական կողմ մը, ինչ կը վերաբերի գործերու լեզուաոճային երեսին: Սկսած՝ հայերէնի քիչ գործածական եզրերէ, որոնք կրնան ընթերցող մոլորեցնել, ինչպէս կրցեր են, օրին, թիւրընթերցումի տանիլ գրաշար թէ հրատարակիչ-սրբագրիչ(1), ապա՝ անցնելով բարբառային-յատկապէս բիւթանիական գաւառաբարբառի բառերէ(2)՝ յանգելու օտարալեզու եզրերու, թրքերէն թէ ֆրանսերէն(3):
Ասոր կողքին, ու անշուշտ աւելի եւս, վերծանումի տարրերը Յ. Օշականի սեփական ոճին-շեշտօրէն ինքնուրոյն ոճ, արդիւնք՝ լեզուն իր բազմախաւ մտածումին-ապրումին ու խորապէս երանգաւոր պատկերացումներուն ճկելու բուռն մղումի մը, որ կրնայ տանիլ, երբեմն, մինչեւ շարահիւսական... բռնաբարութեան(4): Այս վերջին պարագան, թէեւ ոչ յաճախադէպ, զգալիօրէն հետեւանք է գրողական կշռոյթի արագութեան-ապրուածին ետեւէն հասնելու հեւքի, ապա եւ՝ աւելի տռամային՝ ֆիզիքական սպառումն ու յոգնած սիրտ մը տնտեսելու մտասեւեռման:
Ներկայ աշխատասիրութիւնը թիրախ չունի Յ. Օշականի լեզուա-ոճային հարուստ այս ոլորտը, որուն վերլուծումը կրնայ հատոր լեցնել: Վերի ակնարկը, հպանցիկ, կը միտէր պարզապէս ճշդելու ամբողջ այդ մարզի փակագծումը, բացառումը:

ՎԵՐԾԱՆՈՒՄԸ ԵՒ ՎԵՐԾԱՆԵԼԻՆ

«Վերծանում», հոս, ուրեմն ընկալելի է իբր օշականեան հսկայական թողօնի մէկ մասի քննութիւն՝ ձեռագրային կամ տողաշարական նիւթի մաղումով. վերծանում հեղինակային բնագրին (երբ ձեռագիրը պահուած է), կամ՝ խորքային ընթերցումով մը ստուգում հրատարակութիւններու (երբ ձեռագիր չէ պահուած): Խորքային-քննական ընթերցում, որ ցաւալիօրէն չէ կիրարկուեր պարբերական մամուլով հրատարակուած գործերուն, յատկապէս՝ սկզբնական՝ Հայրենիք ամսագիրի, ու քիչ մը նուազ չափով՝ Յուսաբերի պարագային(5):
Վէպերու հատորով հրատարակութեան յետագայ պատկերն ու ստեղծած հարցերը ժառանգութիւն են ուղղակի պարբերական մամուլի այդ հրատարակութիւններէն:
Դարավերջի տասնամեակներուն, մեծ իրագործում կայացուցին յաջորդական հրատարակումներ, սկսած՝ Երկերէն, շարունակուած՝ Մնացորդացի երեք հատորներով եւ Հարիւր-մէկ տարուաններով, երեք վէպ՝ մէկ հատորի մէջ(6): Անոնք ոչ միայն մամուլի քաւարանէն կը փրկէին առաջին վէպերը, այլեւ կը նորոգէին, բարելաւելով, տպագրական տխուր պատկեր պարզող, նաեւ անգտանելի դարձած Մնացորդացները եւ Սիւլէյման էֆէնտին: Տակաւին, կը սրբագրէին բազմաթիւ վրէպներ, տողաշարական-ուղղագրական, ու որոշ թիւ մըն ալ իմաստային թիւրընթերցումներ(7): Խորքային ընթերցումով իմաստային վերծանումի եւ սրբագրումներու այս աշխատանքը մասամբ կը բարելաւէր բնագիրը նաեւ այս մակարդակին, սակայն թողելով կարեւոր քանակ մը տակաւին սրբագրելի վրէպներու. հասկնալի անկատարութիւն, որ լաւ կը ճանչնայ (եւ պարտի դիմագրաւել) որեւէ բնագիրի վերծանող-սրբագրող, մանաւանդ օշականեան բարդութեամբ բնագիրի մը առջեւ...
Հեղինակային ձեռագիրի չգոյութիւնը, անշուշտ, կարեւոր բաժին ունի հատորներով տպագրութեան մէջ յամեցող թիւրընթերցումներուն ու անոր վրայ բարդուող նոր վրիպակներու առատութեան մէջ: Իսկ Յ. Օշականի ձեռագիրի դժուարընթեռնելիութեան հարցը նշուած է եղած յաճախ: Յատկապէս, Յուսաբերի մէջ Մնացորդացի տողաշարումին կապուած, ունինք Բ. Թաշեանի մը վկայութիւնը, որ կը չափազանցէ այդ դժուարութիւնը: Մինչ անդին, վէպերու հրատարակութիւններէն նորագոյնին՝ երեւանեան Հաճի Ապտուլլահի խմբագիր Գր. Յակոբեան մը անտեղիօրէն... ստորագնահատած է զայն(8):
Քանի մը նշելի փաստեր ալ՝ երկ առ երկ.
Անջատ՝ յիշատակումի արժանի են Ծակ-Պտուկը վէպին վերջին բաժինը ու աւարտը յատկապէս, որոնք կը մնան վիրաւոր՝ Հայրենիքի խմբագրութեան կատարած անհեթեթ, անարդարանալի մկրատումներով: Ամսագիրի խմբագիր-տնօրէն Ռուբէն Դարբինեան, աւելի ետք իր հրատարակած նամակներուն առընթեր, այս վէպին մասին ծանօթագրութեան մը մէջ, գրիչի (ու մտքի) զարհուրելի թեթեւութեամբ մը կը խոստովանի. «Շատ կրճատումներ եղած էին խմբագրութեան կողմէ»...: Եւ ասիկա, անշուշտ, ձեռագիրներ չպահպանելու պայմանով-այլապէս աններելի «աւանդութիւն», բաւական տարածուած՝ մեր մշակութային իրականութեան մէջ...
Հաճի Ապտուլլահի պարագային, նշելին կ'առնչուի վէպին երեւանեան հրատարակութեան: Չհաշուած մի քանի շահեկան վերականգնումներ, եւ հակառակ Յ. Օշականի մէկ ձեռագիր-ինքնագիրին բախտաւոր առկայութեան(9), որմէ Գր. Յակոբեան չէ գիտցած օգտուիլ փաստօրէն-հրատարակութիւնը լի է թիւրընթերցումներով, ուղղագրական եւ կէտադրական վրէպներով, եւ ծանրաբեռն՝ յաճախ վիճելի ճշդութեամբ կամ շահեկանութեամբ ծանօթագրութիւններով ու աղիւսակներով: Անշուշտ, որոշ շահեկանութիւն ունի երկը ներածող «Դիւթք եւ Ըղձանք» վերլուծական փորձը:
Գալով եռահատոր Մնացորդացին, արդէն ակնարկ եղաւ «խմբագրական նոթ»երու, հոն նշուած՝ առաջին հրատարակութեան վրայ կատարուած վերանայում-սրբագրումներու աշխատանքին, լուսաբանուած՝ օրինակներով, եւ որուն վաւերականութիւնը կասկածէ վեր է: Խմբագիրը սակայն բաւարարուեր է այդ «օրինակներով», սահմանուած՝ ընթերցողին «գաղափար մը տալու». կը պակսի արձանագրումը կատարուած փոփոխութիւններու՝ իրենց ամբողջութեան մէջ, ինչ որ քննական հրատարակութեան մը տարրական պահանջն էր: Եւ հրատարակութիւններուն ընթերցող-վերծանողը, չդիմելու համար Հայրենիքի եւ Յուսաբերի բնօրինակ-տարբերակներուն եւ անոնց հետ բառ առ բառ անհեթեթ համեմատութեան մը, հարկադրուած է այս նորերը ընդունիլ իբր բնօրինակ...: Ինչ որ նաեւ այս աշխատասիրութեան պարագային կատարուեցաւ, հարկադրաբար:
Դիտողութիւն մը նաեւ՝ Մնացորդացի երեք հատորներու աւարտի «տարտամութիւններ առաջացնող» բառերու ցանկերուն առթիւ: Ասոնք այլապէս խնդրայարոյց են: Դիտողութիւնները վերապահելով մանրամասնեալ սրբագրութիւններու ցանկերուն, կը բաւէ հոս նկատել տալ, որ իբր կասկածելի-անհասկնալի նշուած բառերը մեծ մասամբ չեն այդպիսին. անոնք ճիշդ են, ու յստակօրէն կը պատշաճին համագրութեան-կա՛մ ինչպէս որ են, կա՛մ թիւրընթերցումի մը սրբագրութեամբ: Անոնք, ինչպէս վերը նշուեցաւ արդէն, յաճախ պարզապէս «բառարանային» են (քիչ-գործածական, կամ բարբառային). կամ՝ կը բխին Յ. Օշականի լեզուա-ոճային այս կամ այն մասնայատկութենէն:

ԱՇԽԱՏԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ - ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ ԵՒ ՀԱՄԱՌՕՏ ԲՆՈՒԹԱԳՐՈՒՄ

Աշխատասիրութիւնը, որ առիթ կու տայ վերի դիտողութիւններուն, ինչպէս սկիզբը ըսուեցաւ՝ վէպերը դարձուցած է ձեռագրային կամ տողաշարական նիւթմաղումի, քննութեան առարկայ, անոնցմէ զեղչելով, ինչպէս նկատուած կըլլայ արդէն, «Մաթիկ Մելիքխանեանց»ը, «Սահակ Պարգեւեան»ը եւ «Ոսկի Օրան»ը, որոնք հրատարակումի տարբեր պատմութիւն են ունեցած: Այլ պատճառով, բայց նկատի առած վերծանումի թիւրընթերցումներ եւ բազմապիսի ուրիշ թերիներ, անոնց միացուեցաւ «Զուգակշիռ արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրականութեանց»(10) գրապատմական-գրաքննադատական երկը (հովանաւորութիւն՝ Գ. Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւն)։
Առաջին ակնարկով՝ այս աշխատանքին կարելիութիւնը, եւ հետեւաբար՝ կարեւորութիւնը, կրնան երեւիլ խնդրական, մանաւանդ մեծ մասին համար՝ ձեռագիրներու բացակայութեան պայմաններու մէջ: Բայց վրիպակներու ուշադիր քննութեամբ, ի տես անոնց քանակին, բնագիրին վրայ անոնց յաճախ այլանդակիչ դերին, նաեւ սրբագրութիւններու շօշափելի քանակին ու որակին, ընթերցողը պիտի յանգի տարբեր համոզումի: Զարմանալով նաեւ՝ որ հրատարակիչներ ցարդ բաւարարուեր են... ափսոսալով հեղինակային ձեռագիրի բացակայութեանը (գործերու մեծ մասին համար): Եւ որ մտածուած իսկ չըլլայ ամբողջական քննական ընթերցումի մը այնքան բացայայտ կարելիութեան մասին...
Ձեռնարկուած ներկայ մեթոտիկ քննական-խորքային ընթերցումով, ուրեմն շրջանցելով (յաճախ) ձեռագիրի բացակայութիւնը, կարելի է եղած սրբագրել կարեւոր մաս մը այդ վրիպակներէն, եւ ուրեմն բաւական վերականգնել բնագիրը՝ իր սկզբնական վիճակով: Հոն՝ ուր Յ. Օշականի ինքնագիր-ձեռագիրը տրամադրելի էր (Հաճի Ապտուլլահ եւ մաս մը՝ Մնացորդացէն), վերականգնումը կարելի է նկատել ամբողջական(11):
Սրբագրութիւնները կատարուած են նախ՝ ամբողջական բնագրի օրինակներու վրայ, էջատակի, digilib.aua-ի համացանցային տողաշարումէն, որ զանոնք արդէն զետեղած է Համացանցի վրայ(12): Բայց օգտակար համարուեցաւ անջատ ներկայացնել, միշտ՝ Համացանցի վրայ, կարեւոր վրիպակները նաեւ ցանկի ձեւով (վրիպակ > սրբագրութիւն > էջաթիւ): Ասիկա կրնայ դիւրացնել գործը Յ. Օշականի երկերը ունեցող գրասէրներու, որոնք պիտի ուզեն սեփական օրինակներ բարելաւել. ինչպէս եւ օգտակար ըլլալ հաւանական հրատարակիչներու(13):
Բայց մանաւանդ՝ բաղձալի է, որ այս նախաձեռնութիւնը մտաւոր հորիզոնի տէր երիտասարդութեան մը գրգիռ տայ Յ. Օշական կարդալու, թօթափելով անոր անունն ու գործը շրջապատող անընթեռնելիութեան տպաւորութիւնը...: Բարդութիւն՝ այո՛, յաճախ եւ խորութիւններու բնորոշ մթութիւն,—բայց բնա՛ւ անընթեռնելիութիւն: Նուաճելի աշխարհ մը՝ խոր, բազմախաւ, ու ճոխ՝ մինչեւ շռայլութիւն...
Ցանկերուն համացանցային կապը ունենալու համար, դիմել ԲԱԳԻՆին:
Յ. Օշականը ըստ արժանւոյն գնահատող գրասէրներ կրնան իրենք եւս գտնել եւ առաջարկել հաւանական վրիպակներ, միշտ ԲԱԳԻՆի ճամբով:
«Հոգու պարտք»՝ ասիկա, որ ունինք, հաւաքաբար բոլորս, հանդէպ Մեծին Յակոբի...

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Անպայմա՛ն՝ դրական երեւոյթ է անցնող յիսնամեակի հրատարակչական մեծ ճիգը, Յ. Օշականի գործին նուիրուած: Բայց, ըլլալով զինուած կարճաշունչ քննականութեամբ մը, անիկա անհրաժեշտ դարձուցած է այսպիսի շարունակում մը—որուն նաեւ արժանի էր, անկասկած:
Ու վերջին շեշտում մը.- Յ. Օ շականի թողօնին վրայ կատարուած որեւէ աշխատանք, որեւէ ջանք անոր «տիրութիւն ընելու», խօսելով յատկապէս զայն հանրութեան բերելու, իր իսկական արժէքով ճանչցնելու ճիգերու մասին—նոյնիսկ թերի՝ երախտապարտ գործ է: Բայց մանաւանդ՝ անիկա ծառայութիւն մըն է, հեռու՝ վերը գործածուած «տիրութիւն ընել» արտայայտութեան երկդիմութենէն—անոր սահումէն՝ դէպի անհեթեթ «սեփականացում» մը: Ինչպիսին, օրինակ, դիտելի եղաւ Հաճի Ապտուլլահի երեւանեան հրատարակութեան առթիւ, անոր խմբագիրին ելոյթներուն մէջ, անտեղիօրէն յանձնապաստան, դեռ չհաշուած նաեւ վրիպած՝ իր արդիւնքը...: Բորբոքելով նաեւ բանավէճեր, առաջնութեան, առաջնահերթութեան յաւակնութիւններ, յանգելով ցուցանքի եւ հակադրումի երեւոյթներու:
Մինչ մեծի մը թողօնին առջեւ, առաջին ինքնաթելադրանքը պարտէր ըլլալ խոնարհ ծառայութեան, խոնարհութեա՛ն թելադրանք մը, միայն...

(1) Խնդրոյ առարկայ են քիչ գործածական բառեր, երբեմն գրաբարէն ժառանգուած, ինչպէս՝ ներգեւում, անքանցելի, արուգ, մօրացում, թերագործ, տոռունք, իւրազներ, կրնկուիլ...: Ասոնք, նոյնիսկ երբ դուրս են ժամանակակից հայերէնի բառարաններէ, գտանելի են սակայն մեծ «Հայկազեան»ին մէջ...
(2) Հոս՝ գործ ունինք պոլսամերձ գաւառի բարբառին հետ, որմէ—ուրեմն ժողովուրդի բերանէն—վիպագիրը քաղած է բառեր (երբեմն թրքախառն). ինչպէս՝ գուգուկ (իմա՝ կկու), մնտռութիւն (աղտ), կատոզ (մեծ կարաս), տոլկոկով (իմա՝ պարապ-կոկով, անկար), մէջ-մարդ (իմա՝ միջին տարիքի), Տիրո՜ւկ (իմա՝ Աստուա՜ծ), աղէկուկ, փուր, պօղ...
(3) Թրքերէն բառեր՝ ինչպէս տարապայ, հէօտիւկ, մուխպիր սատըգ (հաւատարիմ տեղեկատու, իմա՝ լրտես): Կամ՝ ֆրանսերէն, գրուած՝ հայատառ թէ լատինատառ — ֆանթոշ, սուբաբ, նէկլիժէ, այէտ, mat, crépitement...
(4) Տիպիկ օշականեան կիրարկումներ եզրերու, կամ շարահիւսական զանցառումներ, ինչպէս՝ կրակել (այրել, հրդեհել), կը նայէր իր անյագուրդ նայուածքը. կամ դեռ՝ Հանդարտութիւնը կու գար (հողին եռքին). կառոյց՝ ուր փակագծեալը բանալով՝ պէտք է հասկնալ. Հողին եռքին հանդարտութիւնը կու գար... Կամ՝ Քոմիթաճի՞. ո՞ր հայը չէր ատիկա... Կամ դեռ՝ տեսարանել, դերել բայերը...
(5) Սկսելով Ծակ-պտուկը վէպէն, ապա՝ քանի մը տարուան ընդհատումէ ետք՝ Հաճի Մուրատ եւ Հաճի Ապտուլլահ, միշտ պոսթընեան ամսագիրին մէջ: Ի դէպ. նոյն ամսագիրին էջերուն, այս երեքը նախորդող Շահպազը զարմանալիօրէն չէ տառապած տողաշարական ծանր թիւրընթերցումէ...:
Իսկ Մնացորդացի հատորները (ու աւելի ետք Սիւլէյման էֆէնտին) լոյս կը տեսնէին Գահիրէի Յուսաբերին մէջ, ապա նոյն տողաշարութեամբ հատորի վերածուելու համար, իբր առաջին հրատարակութիւն:
(6) Հրատարակութիւն Գ. Մելիտինեցի մրցանակի. Երկեր (1973), Մնացորդաց ա., բ. եւ գ. (1988), Հարիւր-մէկ տարուան (1996): Երեքն ալ՝ Անթիլիաս, Լիբանան:
(7) Տեսնել այս երկերու երախտաշատ խմբագիր Պօղոս Սնապեանի բացատրականները, «Սրբագրական նոթ» կամ «Խմբագրական նոթեր» խորագրեալ, հատորներու մուտքին կամ աւարտին, ուր կը տրուին օրինակներ կատարուած վերականգնումներէ: Նշելի են տակաւին անոնց կցուած զանազան բառարաններ, քաղուած՝ Յ. Օշականի ծանօթագրութիւններէն: Նաեւ՝ անջատ թերթիկի վրայ վրիպակներու ցանկ մը (որ սակայն, անհասկնալի բան, պիտի չօգտագործուէր Հաճի Մուրատը եւ Հաճի Ապտուլլահը միացնող 1996-ի վերհրատարակութեան մէջ...)
Պ. Սնապեան աւելի ուշ հրատարակութեան կու տար նաեւ շարք մը երկերու, մեծ մասով հաւաքուած ժամանակի գրական մամուլէն, «50-ամեակի» եւ «100-ամեակի» յոբելենական առիթներով:
( 8 ) Բ. Թաշեան, վաստակաւոր հայագէտ ու հեղինակ, թերեւս տարուած իր բարեմիտ հիւմորին թափէն, Յ. Օշականի ձեռագիրը կը մօտեցնէ «ասորեստանեան բեւեռագիրներու» («Լսարան հայ լեզուի»): Գր. Յակոբեան, ընդհակառակը, դժուարութիւնները կը բնորոշէ իբր... «անընթեռնելիութեան առասպել», եւ կը յաւակնի «Հաճի Ապտուլլահ»ի ձեռագիրէն վերծանած չըլլալ... «ընդամէնը երեք բառ» («Հաճի Ապտուլլահ վէպի ինքնագիր-ձեռագրի բնագրա-քննական ակնարկ», Երեւան, 2000):
(9) Իբր «վեցերորդ յեղում» նշուած՝ Յ. Օշականի իսկ կողմէ, Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարան, որուն տնօրէնութիւնը սիրով ընդառաջեց պատճէն մը տրամադրելու մեր դիմումին:
(10) Սկզբնապէս դասարանային-դասախօսական նիւթ՝ այս երկը վերախմբագրուած է, սակայն շատ անբաւարար որակով, մամուլի մէջ լոյս տեսնելու համար (Ազդարար, 26 / 12 / 51էն մինչեւ 21 / 11 / 52) եւ հատորով՝ ՊԷյրութ, 1999)
(11) Առաջին հատորի ա. եւ բ. գիրքերու պարագային, սրբագրութիւններու կարեւոր համեմատութիւն մը կու գայ «Մնացորդաց»ի անգլերէնի թարգմանիչ Ճ. Մ. Կօշկարեանէն: Այդ գիրքերու հեղինակային ձեռագիրին քննութիւնը եւս կատարուած է Ճ. Մ. Կօշկարեանի հետ խորհրդակցաբար:
(12) Այդ մայր տարբերակին մէջ, էջատակին միասին նշուած են վրէպներ եւ սրբագրութիւններ: Նշուած են նոյնպէս հաւանական սխալներ, առաջարկուած վերականգնումներուն կցելով ? հարցանիշը: Իսկ բացայայտ կամ հաւանական, բայց անվերականգնելի սխալներ եւս մատնանշուած են, պարզապէս ընկերակցուած՝ նոյն ? նշանով (մանրամասնութիւններ տեսնել՝ www.digilib.aua.am): Կէտադրութիւն սրբագրուած է միայն անհրաժեշտութեան պարագային (իմաստային վերականգնում):
(13) Վրիպակ-սրբագրութիւններու մասին քանակական մօտաւոր պատկեր մը.- «Հաճի Մուրատ»ի համար՝ 70-ի շուրջ. «Ծակ-Պտուկը» եւ «Սիւլէյման էֆէնտի»՝ իւրաքանչիւրին՝ մօտ 200: «Հաճի Ապտուլլահ»՝ աւելի քան 500: «Զուգակշիռ»՝ աւելի քան 300. «Մնացորդաց»ի իւրաքանչիւր հատորը՝ աւելի քան 700:

ՄՈՆԻՔ ԿԱՄ ԱՍՖԱԼԹ ԵՐԿՈՒՈՐԲՈՒՆԻ ԶԱՐԵՀՈրբունիի այս անտիպ էջերը, որոնք գրուած են անոր կեանքի վերջին տարիներուն, կը հանդիսանա...
02/08/2024

ՄՈՆԻՔ ԿԱՄ ԱՍՖԱԼԹ ԵՐԿՈՒ
ՈՐԲՈՒՆԻ ԶԱՐԵՀ
Որբունիի այս անտիպ էջերը, որոնք գրուած են անոր կեանքի վերջին տարիներուն, կը հանդիսանան Հալածուածները վիպաշարքի ութերորդ հատորի միակ գրուած էջերը։ Անոնք մեզի տրամադրուեցան Գրիգոր Պըլտեանի կողմէ։ Շարքին առաջին հատորը՝ Փորձը, լոյս տեսած էր Փարիզ, 1929-ին, որմէ ետք Որբունի շատ երկար սպասած է, աւելի քան չորս տասնամեակ, մինչեւ երկրորդ գիրքին՝ Թեկնածուն խորագիրը կրող հատորին լոյս ընծայումը, 1967-ին, Պէյրութ։ Ապա, ոչ այնքան ուշացումով, քանի մը տարի ետք, 1972-ին, Պոլսոյ մէջ, լոյս տեսած է Ասֆալթը, եւ Սովորական օր մը՝ 1974-ին, Պէյրութ։ Որբունիի մահէն ետք, 1982-ին, Մարկ Նշանեանի «Կամ» հանդէսին մէջ, Փարիզ, կը կարդանք շարքին վեցերորդը՝ Զի քո է կարողութիւնը։ Որբունիի արխիւին մէջ ցարդ անտիպ կը մնայ Հալածուածներուն հինգերորդ հատորը՝ Տիգրան, ինչպէս նաեւ չգրուած եօթներորդ հատորի մը խորագիրը՝ Նուարդ, որ կը հանդիսանայ «Տիգրանին զոյգը»։
Հիմա կրնամ, կրնամ գրել, նոյնիսկ կինս մեռնելէն ի վեր։ Կինս մեռաւ։ Մօտ երկու տարի է, ըսել կ’ուզեմ Մոնիքին հիւանդութեան սկիզբէն ի վեր մինչեւ այսօր, իր մահէն շաբաթներ ետք։ Շատ ճշդութիւն մի՛ հարցնէք ինծի, ուղեղս խաւիծ է։ Կ’աղաչեմ։ Թաղումէն երկո՞ւ թէ՞ երեք օր վերջն էր, երկու, կարծեմ երեք, ինչ որ է, ատիկա բնաւ կարեւորութիւն չունի, քանի որ ոչ մէկ առնչութիւն ունի ինծի հետ։ Խօսք ըլլայ, բան մը պէտք է ըսել, որեւէ բան կ’ըսենք բան մը ըսած ըլլալու համար։ Կարեւորը… կարեւորը, ի՞նչ պիտի ըսէի, այո, կարեւորը… Կաթ առնելու գացած էի մեր սովորական կաթնավաճառէն։ Կաթնավաճառին կրպակը գետեզերքէն աջ կողմը առաջին փողոցին առաջին թիւերէն մէկն է։ Կարեւորը այդ չէ, կարեւորը այն է որ ես կաթ չեմ խմեր եւ կաթ բերելու գացեր էի, կարծես թէ Նիքոլը կամ Մոնիքը, կամ երկուքը մէկ, տունն ըլլային։ Բայց ինչո՞ւ վազելով գացի, հեւ ի հեւ, լեզուս բերնէս դուրս ինկած։ Վերջը, բանը բանէն անցնելէն վերջ հասկցայ։ Ուժգին յուզումի մը նախապատրաստական միջոցներն են եղեր ատոնք։ Երբ խանութ հասայ, գիտէ՞ք, գիտէ՞ք ըսի, երկու ձեռքերս վերցուցի զանոնք խանութի միջոցին մէջ ճօճելով, որպէսզի բան մը չըսեն եւ ես կարենամ կոկորդիս մէջ խեղդուող բառերը դուրս հանեմ, մի՛, մի՛, կ՚ըսէի եւ անոնք ապշած ինծի կը նայէին, բան գործ ձգած ինծի կը նայէին, մինչդեռ ես կը տապլտկէի, ափերս բաց՝ ձեռքերս անոնց կողմը երկարած, մի՛ մի՛, կ’աղաչեմ, կ’աղաչեմ եւ յանկարծ բառը դուրս նետուեցաւ գալարումներուս մէջէն, կինս… կինս, ըսի ու նորէն ձեռքերս առաջ նետուեցան սաստիկ դողէ բռնուած, մի՛, մի՛, խնդրեմ, ու արցունքը աչքերէս յորդեցաւ ամրան տեղատարափի պէս, փղձկող կոկորդիս մէջէն։ Այո, կարեւորը, ուրեմն, իմ լացս, իմ փղձկումս էին ուրիշներու ներկայութեան, որպէսզի անոնք իմ վրաս մեղքնան, ախ վախ ընեն եւ ես այդպէսով հաճոյանամ իմ դժբախտութեամբս։ Ես ատիկա զգացի վերադարձի ճամբուս վրայ։ Զգացի, իմ լացուկոծիս տակ, անոնց խառնուած, զանոնք իրեն դիմակ ըրած, տեսակ մը գոհացում, որ տակաւին չէր համարձակեր իր անունը տալ, տակաւին դողդոջուն էր նորածինի մը պէս։ Այդ պահէն սկսեալ սկսայ զսպել հեկեկանքս, ետ մղել, կտրել ու նետել իր արմատէն, բայց անկարելի էր կասեցնել անոր ընթացքը, որովհետեւ հանգուցեալին տուայտանքներէն նորանոր պատկերներ թաքնօրէն կը սպրդէին մտքիս լքուած հրապարակը։
Ըսի, կամ գրեցի, հիմա կրնամ գրել։ Այո, ահաւասիկ կը գրեմ, կինս մեռաւ, կնոջս մեռնելէն ի վերջ առաջուան ցնցումները չեմ ունենար, կակազումները, լեզուի ջլախտը չեմ ունենար, բայց նոյնը չէ երբ մէկու մը կ՚ըսեմ, մէկու մը հետ կը խօսիմ, որովհետեւ խօսելուն մէջ պատասխանատուութիւն մը կայ, խօսիլը հանրային արարք մըն է, անմիջապէս կը փղձկիմ, կը ցնցուիմ, քիթս ու բերանս կը ծռմտին ջղագարութենէ բռնուողի մը պէս, ձեռքերս ինձմէ առաջ նետած՝ արգիլելու համար որ խօսին, բերաննին բանան, մի՛, մի՛, կ՛աղաչեմ, բան մը մի՛ ըսէք, մի՛ խօսիք, կը խեղդուիմ։
Տուն վերադարձիս երկու քոյրերը ինծի կը սպասէին ծափ զարնելով, ըսել կ՛ուզեմ որ կաթին կը սպասէին, բայց կաթին տրուած պատիւը ես կը քաղէի, այս ի՜նչ աղուոր գառնուկ ես դուն, այս ի՜նչ աղուոր մանչուկ ես դուն, միեւնոյն ատեն կը համբուրէին երեսներէս։ Զիս գրկեցին եւ պարեցինք սենեակին մէջ։ Նիքոլին հասակը աւելի երկարած էր, մինչեւ ոտքերուն մատները իջած սեւ շղարշէ գիշերանոցով, վզին շուրջը եւ քղանցքներուն՝ սպիտակ նաշխերով զարդարուած, սեւութիւնը քիչ մը ցայտեցնելու համար։ Մոնիք իր աչքերուն գոյնով, ծովի ջուրի կանաչով եւ իրիկնային կապոյտով, երկուքին խառնուրդովը, երբեմն մէկը գերազանցելով միւսը, ըստ շրջապատի լոյսի խաղերուն, ինչպէս իր աչքերը, որոնք երբեմն կանաչ, երբեմն կապոյտ եւ երբեմն երկուքին խառնուրդովը մոխրագոյն էին։ Կտաւը պարզ բամպակէ էր եւ պատուհանէն սենեակին մէջ թափուող լոյսին անթափանց կը մնար, մինչդեռ Նիքոլին գիշերանոցէն լոյսը կ՚անցնէր սեւի վրայ ճերմակ՝ գծելով մարմինը իր ամբողջ նրբութեամբը, բայց բամպակէ կտաւը մարմնին ձեւերը կը հագնէր, մանաւանդ բլրացած կուրծքը, որ երկու բռունցքներու պէս աչքերս կը ծեծէին։ Մոնիքն է սակայն որ գրկեցի եւ գետին նետեցի ու ես ալ վրան ինկայ։ Մեր ամուսնութեան սկիզբն էր, փողոցին մէջտեղը կանգնեցաւ, սուր-սուր աչքերուս նայեցաւ, կ՛ուզեմ որ հիմա ինծի առնես բոզի մը պէս պանդոկ տանիս, չէ՛, կ՛ուզեմ, մի՛ սկսիր պատճառաբանել, սեպէ թէ ես քու կինդ չեմ, հասարակ բոզ մըն եմ, միասին «վեր» ելլենք, այսպէս կ՛ըսեն, չէ՞, «վեր կ՛ելլե՞ս, աղուորս», միամտութիւն մի՛ ձեւացներ, պիտի չըսես թէ բոզի մը հետ բնաւ «վեր» ելած չես, առաջ, ո՞վ գիտէ, հիմակ եւս, երբեմն, երբեմն, համ փոխելու համար։ Մատը բերանիս վրայ դրաւ, մի՛ խօսիր, բան մի՛ ըսեր, գիտեմ թէ ինչ պիտի ըսես, բայց անուշիկս, այս կողմերը բոլոր պանդոկները գարշելի պանդոկներ են, ես ալ ատոր համար հոս կ՚ուզեմ, կ՚ուզեմ այդ սենեակներուն խոնաւութեան մէջ թրծուած այրերուն հոտը առնել, անոնց թափած սերմին կծու արտաբուրումը շնչել։ Մայթին վրայ բազմութիւնը, շատցած, սկսաւ մեզ հրմշտկել։ Երթանք, ըսի, բաւական խօսեցանք, հա գացին, հա խօսեցանք, միեւնոյն բանն է, միեւնոյն արդիւնքը կու տայ։ Կ՚աղաչեմ, Սինասս, Սինէս, ինչպէս կը կանչէր քեզի Նիքոլ, կ՚աղաչեմ։ Ես այստեղները շատ եկած եմ, շատ փորձեցի ամենէն վարէն սկսիլ, որ ազատիմ քրոջմէս, ուրիշներէն եւ ազատեմ քոյրս։ Այրին գարշանքը այնքան սոսկալի էր մինչեւ քու գալդ, իմ հակառակութիւնս քեզի դէմ, որովհետեւ քոյրս կար քու եւ իմ մէջտեղը։ Հասկցա՞ր։ Ձեռքէս բռնէ։ Ոչ, դուն առջեւէն պիտի քալես, այդ տեղը քու տունդ է, դուն առջեւէն պիտի քալես, ես ետեւէն քեզի պիտի հետեւիմ։ Փայտէ նեղ, դարձդարձիկ սանդուխ մըն էր։ Առաջին յարկին վրայ բռնեցի զայն եւ սկսայ հանուեցնել։ Ընդդիմացաւ, վախցաւ պոռալու եւ այսպէս մինչեւ չորրորդ յարկ մես-մերկ Մոնիք մըն էր որ հապշտապ դուռը բացաւ ու ներս մտաւ, շունչ քաշելու ժամանակ չունեցաւ, որովհետեւ արդէն գետինն էր եւ ես ալ վրան՝ իր խորութիւնները չափելով զբաղած։ Յանկարծ դրան զանգակը հնչեց։ Կաթնավաճառին տղան էր, կաթին շիշը ինծի երկարելով ըսաւ, ձեր կաթը մոռցաք։ ճիշդ այդ պահուն իսկ անդրադարձայ ըրածիս ահագնութեանը։ Ինչո՞ւ, Աստուած իմ, ինչո՞ւ։ Ի՞նչ պէտք ունէի խայտառակուելու։ Ի՞նչ պէտք ունէի այդպիսով գոհ ըլլալու, որովհետեւ գոհ էի, ո՜հ, ինչ գոհ էի։ Կը մեղքցուէի։ Կը հասկնա՞ք, վրաս կը մեղքնային։ Ինչ որ ալ ըլլայ գոհ էի, այս չէ՞ կարեւորը։ Հիմա անոնք ալ գիտէին։ Չէի գիտեր թէ ի՞նչ գիտէին, բայց կ՚ուզէի գիտնալ թէ ի՞նչ գիտէին։ Այո, գիտէին որ ես կինս խենթի պէս կը սիրէի, չէ՞ որ խենթի պէս վարուած էի իրենց հետ, մի՛, մի՛ խօսիք, բան մը մի՛ ըսէք, պիտի խեղդուիմ։ Այսպէսով է որ մեծ համեմատութիւններ առաւ ուրիշներուն գիտնալը։ Հիմա կ՚ուզէի որ ամբողջ փողոցը գիտնար, ամբողջ թաղը, ամբողջ աւանը, ինչու չէ՞ եւ ամբողջ քաղաքը, որպէսզի մէջքս աւելի ծռէի, դէմքս աւելի խճճուած եւ աչքերս արցունքոտ, իբրեւ ժամանակէն առաջ զառամած ծերուկ մը ամէն կողմ երթայի։ Այսպէս չե՞նք ազգովին ալ, ամէն տեղ կ՚երթանք, աշխարհքին չորս ծայրերը կը հաստատուինք, մեր հետ պտտցնելով մեր դժբախտութեան պատմութիւնները, ցոյց տալու համար որ մենք բացառիկ էակներ ենք, ուրիշ գաղթականներ ենք, ոչ հասարակ, աղքատութիւնը չէ մեր թափառումներուն պատճառը, մենք ջարդէ մազապուրծ ճողոպրածներ ենք։ Միշտ սիրուելու, բայց մեղքցուելով սիրուելու մեր հակումը։ Կը հասկնամ որ մեր դէմքերը տխուր են, ողբ երգական օրէն տխուր, որոնցմէ յաւիտենապէս քաշուած է ժպիտը, ինչպէս հիմա իմ դէմքս, առանց ժպիտի, ժպտելու անկարող դէմքս, անոր բոլոր գիծերը, մկանունքը հաւաքուած են քթիս շուրջ, քարացած, խոժոռ աչքերու վերածելով աչքերս, խորը ինկած աչքերս, արձանի փոս յիշեցնող, պարապ, եղերականօրէն սեւեռուն աչքերս։ Դեռ այս առաւօտ փողոցին մէջ երիտասարդ կին մը, թերեւս աղքատ ուսանողուհի մը ինծի մօտեցաւ, մեթրօ առնելու համար, կ՚ըսէր, բայց գլուխս վերցուցի, նայուածքը ինկաւ աչքերուս մէջ ու յանկարծ, երկարած ձեռքն ու նայուածքը ետ քաշելով փախաւ։ Աղջիկը սարսափած կ՚երեւար, վազելով կ՚երթար եւ ես տեղւոյս վրայ կանգնած՝ գլուխս կախ կը նայէի անոր ետեւէն, ինքզինքէս սարսափած։ Աս ի՞նչ եղեր ես, տղաս, ի՞նչ եղեր ես, Մինաս, ըսի ես ինծի։ Բարեբախտաբար երկու Մինաս կայ մէջս, ո՛չ, մէկը ներսս, միւսը դուրսը, դուրսինը վրաս կը հսկէ, կը զգաստացնէ զիս, բայց միշա չէ որ կը յաջողի իր պատգամին մէջ։ Կարծեմ թէ կը սկսիմ սիրել դժբախտութիւնս, ինչ կ՚ըսեմ, արդէն կը սիրեմ։ Մոնիքին երկար հիւանդութեան ընթացքին ան է որ անոր քստմնելի ցաւերը տանելի դարձուց ինծի։ Շարունակ փորձանք մը կու գար վրաս, գլուխս պատին կը զարնուէր, ծունկս՝ սուր անկիւնի մը։ Անգամ մը չորս ամիս տեւեց ծունկիս ցաւը։ Երկու հիւանդ ունէի տունը, կինս եւ ծունկս, որոնք կը խնամէի միս-մինակ, չորս պատերուն մէջ բանաարկուած եւ որոնցմէ ամենէն աւելի ծունկով զբաղած էի, որովհեաեւ Մոնիք կու լար իմ ցաւիս համար, երբ իրեն համար օր մը օրանց կաթիլ մը արցունք չթափեց։ Անգամ մի միայն, երբ գողգոթային բարձունքը հասած էր, յանկարծ դէմքը տաժանագին պռստեց, դէմքին մկանները քաշքշեց վերէն վար, ձախէն աջ, խճճեց, մինչեւ որ աչքերէն ժայթքելու պատրաստ արցունքը ետ մղեց, կլլեց ու ճակտին վրայ լոյսի պէս ժպիտ մը բխեցուց։ Խնդաց իր տկարութեանը վրայ։ Խնդրեմ, խնդրեմ, կ՚ըսէր, աոքթոր Պեռնարին գնա, ան մասնագէտ է ասանկ բաներու։ Նոյն շրջանին ախորժակս կորսնցուցի։ Հաց ըսուածը բերանս չէի կրնար դնել։ Միսի, ձուկի մասին խօսք չէր կրնար ըլլալ։ Անկարելի էր։ Սկսանք դուրսը ճաշել աւելի յաճախ միշտ աւելի սուղնոց ճաշարանները, բայց հետզհեաէ աւելի քիչ ուտելով ու աւելի գանելով։ Չէ, ախորժակը չէր պատճառը, ախորժակի հարց չէր, բերանս է որ չէր բացուեր, ակռաներս պահակ կանգնած էին բերնիս առջեւ, կը մերժէին ընդունիլ, անոնք բոլորովին անատակ դարձեր էին որեւէ բան ծամելու։ Կը ծամէի, կը ծամէի, դուրս կը հանէի պատառը։ Ակռաներս մորթազերծ մարդու մը զգայնութիւնը ունէին, ինչ որ իրենց դպէր իրենցմէ հեռու կը վանէին։ Լինտերս նոյնպէս կ՚աշխատակցէին աաամներուս դժխեմ պատգամին, որուն ուրկէ գալը յայտնի չէր, մինչեւ որ նշմարեցի թէ Մոնիք այնքան ալ զրկուած չէր։ Վերջը միայն կաթ առնելու ստիպուած էր, երբ ախորժակը կորսնցուց։ Մինաս, անօթի եմ, կը պոռար մէկէն այնպէս ախորժակով մը, կարծես թէ ամբողջ խորոված գառնուկ մը կ՚ուզէր։ Ի՞նչ կ՚ուզես, աղջիկս, կ՚ըսէի, չուտելով, չուտելէն տունը բան մտած չունի։ Կաթ, գաւաթ մը կաթ, կը պոռար իր թաւշային ձայնին մէջէն։ Այդ աաեն արդէն շաա հիւանդ էր։ Չարիքը սողոսկեր էր մինչեւ ուղեղը եւ անդամալոյծ ըրեր էր զինք։ Յետոյ սկսաւ արշաւել, մէկը միւսին ետեւէն, երիկամը, լեարդը. թոքերը գրաւուած էին եւ այլեւս ես չէի կրնար գերազանցել իր թշուառութիւնը։ Ահա բառը, ինչպէ՜ս ինքնիրենը եկաւ, ձեռքերը վերամբարձ, գերիի մը պէս, իր յանձնուած պահուն, ասիկա անոր համար որ պատահաբար ռազմավարական ոճով արտայայտուեցայ վերջին տողերուն մէջ։ Արդ՝ ինչպէ՞ս կարելի է գերազանցել մէկը, որ մահուան դուռը հասեր է։ Եւ ինչո՞ւ համար գերազանցել, ի՞նչ ընելու համար։ Ասաուած իմ, այս ինչ տանջանք է որ կը դնեմ գլխուս մէջ։ Այսքան տկարացած, նիհարցած, սրունքներս գաւազաններու կը նմանին, իսկ աչքերս խոռոչներու եւ դեռ գոհ եմ որ այսպէս է, բայց այդպէս չէ իրականութեան մէջ։ Այդպէս է իմ խելապատակիս մէջ, քանի որ ատով կը տանջեմ իմ մահամերձ կինս։ Մինաս, կ՚ըսէր անդադար, Մինաս, մանչուկս, եթէ դուն չուտես, ես ալ պիտի չուտեմ։ Ողջ ատեն ուտելը պատիժ եղած է այսպէս։ Հացը կը ծամէի, կը ծամէի, պսակները թափածի պէս ատամներս կերակուրը դուրս կը նետէին՝ ներսէն զայն ընդունող չըլլալուն համար։ Այս ամէնուն տակը գաղտնիք մը պահուած է, որ ահա դիմակը առաւ նետեց, ճիշդ այդ պահուս։ Մտքիս մէջէն ելած չունի, գամուեր մնացեր է հոն, խոշոր վէրքի մը պէս։ Վերջին վայրկեանին լաւ մը ձեռքէս բռնէ, կը հասկնա՞ս, ձեռքս սեղմէ քու ձեռքիդ մէջ, խոստացիր, ըսէ՛ կ՚երդնում։ Գիտե՞ս, դիւրին բան չէ միս-մինակ անդիի աշխարհը երթալ։ Ձեռքը երկու ձեռքերուս մէջ սեղմած էի երբ վերջին շունչը աւանդեց։ Նոյն պահուն իսկ տեղէս ցատկեցի ու երկար, երկար ոռնացի մահացու վէրք ստացած առիւծի մը նման։ Երկու հիւանդապահուհիները որ կը հսկէին ու կը խնամէին հիւանդը, սարսափած սենեակէն դուրս փախան։ Այդ ոռնոցը դեռ այսօր ալ մէջս եւ մինչեւ վերջը մէջս պիտի մնայ։
Երբ կը խօսինք, երբ կը ճաշենք միասին, կը պտտինք կամ կը ճառենք գրականութենէն, ես ունկդիր եմ այդ աղիողորմ աղմուկին, որ կը շարունակուի անընդհատ, հեծքի մը պէս որ հանգիստ չունի գիշեր ցերեկ, սրտին պէս որ շունչ առնելու ատեն չունի։ Իրաւունք ունէին գթութեան երկու քոյրերը։ Երբեմն այնպէս կը վախնամ այդ պարտաւորիչ ունկնդրութենէն, որ մտքիս մէջ գիծերու նման պարապութիւններ կը կազմուին. բարեբախտաբար անմիջապէս կ՚անհետանան։ Եթէ պատահի որ այդ գիծերէն մէկը յամառի դիմադրել այդ կեդրոնախոյս ուժին, արդէն իսկ կը կռահեմ թէ ինչ կրնայ ըլլալ իմ վիճակս։ Ասկէ աւելի ի՞նչ կրնայ ըլլալ։ Ներսը թէ դուրսը նոյն տխրամած, նոյն լացութամած դէմքը։ Տունն ալ յանկարծ կը փղձկիմ, դէմքս կը տրորուի, բերանս Օի ձեւ առած, ներսէն դուրս կը քշեմ տաժանելի օօօ՜ֆ մը եւ անմիջապէս արցունքը ուղխօրէն կը հոսի ամեն մէկ նոր բան յիշած, մտաբերած ատենս։ Տունը ատիկա չէ որ կը պակսի։ Ամէն կողմ, ամեն անկիւն ինքն է, ո՛ւր կ՛ուզես դարձիր, ինքն է, ինքն է սա մտային պատկերը, որ գլխուս մէջէն չի հեռանար, չ՚աւրուիր։ Իր հետքերը, ո՛ւր որ երթամ, ինծի կ՚ընկերանան, զիս կը հալածեն։ Հազար ու մէկ պատկերներ կը սլքտան մտքիս մէջ, անընդհատ, շարունակաբար, առանց դադարի։ Անդամալոյծ՝ ծունկերուն եւ ափերուն վրայ կռթնած չորքոտանիի պէս կ՛երթայ կու գայ մէկ սենեակէն միւսը, բան մը ընելու համար, ընելիք բան մը փնտռելով, որպէսզի իմ գործերս քիչ մը պակսին, չյոգնիմ։ Յաճախ սոսկալի ձայն մը կը հանէ ողնոսկրներուն ցաւէն, երբ կը շեղի աջ կամ ձախ, քանի որ մարմինը միշտ ուղիղ պէտք է պահէ, ցաւէն խուսափելու համար. բայց անկարելի է մտածել շարունակ նոյն բանին վրայ, միտքը կը քնանայ եւ առարկան կը թաղուի մոռացումի մէջ, եւ ահա ցաւատանջ սրտէ մը փրթած աղաղակ մը, որ իմ աղիքներս կը գալարէ ու կը մռնչեմ ես ինծի, վիրաւոր անասունի մը պէս, իմ խե՛ղճ կնիկս, իմ խե՛ղճ կնիկս։
Հիմա որ կը գրեմ, գրելով տեսակ մը վերածնունդ կը զգամ երակներուս մէջ,
բայց ատոր համար պէտք է որ շարունակ գրեմ, քնանալու հարց չկայ, ոչ ալ հանգիստի, ճիշդ այնպէս ինչպէս պատի մը ծակին առջեւ կատուն գլուխը թաթերուն վրայ դրած կը սպասէ մուկին, որ անկէ պիտի անցնի անպայման եթէ չ՛ուզեր անօթի մեռնիլ։ Պէտք է խլել, յափշտակել պատկերները, գաղափարները, մղումները, միաումները կամ անոնց ուրուականները, որ կ՚անցնին, կ՚անցնին մաքիս մէջէն։ Ետ գալ չկայ։ Ետ գալ չկայ։ Ցաւ մը կայ սրտիս մէջ, աարբեր, ուրիշ, անհանգստութիւնը մը որ ցաւի պէս կը զգամ, երբ անոնցմէ ոմանք կը փախցնեմ։ Ինչո՞ւ աւելի արագ չեմ շարժեր գրիչս։ Ինչո՞ւ չեմ կրնար։ Կաաարեալ պատերազմական վիճակ մը ստեղծուած է իմ եւ անոնց միջեւ, առանց պատերազմի յայտարարութեան, մնայուն, տեւական վիճակ մը կռիւի եւ, ինչպէս պատերազմի ատեն, շարունակ կը կատարելագործեմ կռիւի գործիքներս, աւելի հեռու ռումբ արձակող հրեաանիներս, աւելի արագ, հետեւաբար աւելի մեծ թուով փամփուշտ նետող զէնքերս, որպէսզի այդ բոլոր փախչող գրութենական նիւթերը գերի բռնեմ, չսպաննեմ, գրելը մեռցնել չէ, գրելը ապրիլ է, ապրեցնել է, ապրեցնել։ Կը գրեմ Մոնիքը կրկին ապրեցնելու համար, ինչպէս գրեցի Նիքոլը ապրեցնելու համար։ Հոգեկան եւ մարմնական այս պրկումներէն ազատուելու համար, ես այդպէս կը մաածեմ, յանկարծ կը թմրիմ, քունի մէջ կ՚իյնամ եւ բոլոր այդ փախստականները կը վերադառնան։ Քունիս մէջ ժամանակը դադրած է, յաղթուած է, ամբողջ աշխարհը մէկ կէտի վրայ ամփոփուած է։ Տեղէս կը ցատկեմ, բոլոր այդ առարկաները գրիչիս ծայրովը ճամբարի մը մէջ կը հաւաքեմ, պահապաններ, վերակացուներ կը կարգեմ անոնց վրայ։ Վստահութիւնը գիտցուածին չափ չըլլալուն համար է որ երբեմն-երբեմն կ՚այցելեմ ճամբարը եւ անհնազանդները կը տանիմ այն վերջնական վայրը, որ գրութիւնս է։

Հալածուածները – Գիրք Ութերորդ
Փարիզ



Ըստ ձեռագրին, գրուած Հոկտեմբեր 1978-ին։

ԾԵ. Տարի, 2016 թիւ 4

ԿԲ Տարի, 2023

Նշանաբառ
«Ասֆալթը»«Զի քո է կարողութիւնը»«Թեկնածուն»

Address

Շաղզոյեան Կեդրոն՝ 2րդ յարկ, «Բագին» (Shaghzoyan Center, Second Floor, "Pakin")
Burj Hamud
P.O.BOX:80-1096

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Բագին Գրական Պարբերաթերթ posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Business

Send a message to Բագին Գրական Պարբերաթերթ:

Videos

Share

Category

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

ԱՐՍԷՆ ԵՐԿԱԹ

Գեհենավառ կրակ մը կը բորբոքէր մարմնիս մէջ,

Փշըրւած էր աղօթքը ձեռքերուս,

Եւ յոյսին վարդերը կը թափէին խորշակահար:


Other Burj Hamud media companies

Show All