Aztag Daily

Aztag Daily Ազդակ օրաթերթ | Armenian daily newspaper in Lebanon since 1927 | http://aztagarabic.com

Պատմութիւն Երկարականջ Չորքոտանիի ՄասինՍ. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆՀալէպի անկումով սկսած եւ Դամասկոսի գրաւումով աւատրին հասած «սուրիակա...
20/12/2024

Պատմութիւն Երկարականջ Չորքոտանիի Մասին
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հալէպի անկումով սկսած եւ Դամասկոսի գրաւումով աւատրին հասած «սուրիական յեղաշրջումը» բազում եւ հակասական մեկնաբանութիւններու, նախատեսութիւններու եւ «բախտագուշակութեան» ալիքներ տարածեց աշխարհով մէկ, միաժամանակ մտավախութեան եւ գոհունակութեան ալիքներ տարածեց տարբեր երկրամասերու մէջ, տարբեր ուժերու մօտ: Ոմանք շուրջ տասնօրեայ դէպքերը դիտեցին միայն այս կարճ ժամանակահատուածին մէջ, ուրախացան, որ արտաքին ու ներքին բազում մարտահրաւէրներու դէմ կանգնած իշխանութիւնը (որ իր երկրի շահերուն հետամուտ էր ընդհանրապէս) հասած է վախճանին, իսկ ուրիշներ մտահոգ են, որ Սուրիա եւս, հակառակ առաջին օրերուն տարածուած յուսատու ալիքներուն, կրնայ մատնուիլ Իրաքի, Լիպիոյ եւ «Արաբական գարուն»-ը ճաշակած, ծայրայեղական կրօնամոլներու շահատակութիւններուն զոհ գացած երկիրներու եւ ժողովուրդներու ճակատագիրին (հիմա շա՜տ աւելի յստակ է, որ այդ «ծայրայեղականներ»-ը ուրկէ կը խմէին իրենց ջուրը, անհեռատես հզօրները ինչպէ՛ս ուղղակի եւ անուղղակի միջոցներով նպաստած են անոնց վերելքին):



Շարունակութիւն՝

https://www.aztagdaily.com/archives/636082

Մակար Արք. Աշգարեան Ներկայ Գտնուեցաւ Դամասկոսի Մէջ Տեղի Ունեցած Պատրիարքներու Եւ Քրիստոնեայ Համայնքապետներու ԺողովինՉորե...
20/12/2024

Մակար Արք. Աշգարեան Ներկայ Գտնուեցաւ Դամասկոսի Մէջ Տեղի Ունեցած Պատրիարքներու Եւ Քրիստոնեայ Համայնքապետներու Ժողովին
Չորեքշաբթի, 18 դեկտեմբերին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան Դամասկոսի մէջ ներկայ գտնուեցաւ ՄԱԿ-ի Սուրիոյ բանագնաց Կիր Փեթերսոնի հետ գումարուած հանդիպումին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Սուրիոյ քրիստոնեայ պատրիարքներ, համայնքապետներ, պապական դեսպանը եւ Բերիոյ հայոց թեմի յարաբերական մարմինի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան:

Հանդիպումին խօսուեցաւ Սուրիոյ ընդհանուր իրավիճակին, գալիք ապագային առնուելիք որոշումներուն եւ հետագայ աշխատանքներուն շուրջ:

Փեթերսոն Սուրիոյ ներկայ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ իր հանդիպումներուն մասին զեկուցում տուաւ եւ յորդորեց համբերատար ըլլալ, որովհետեւ երկրին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները իրենց լրումին հասնելու համար ժամանակի կը կարօտին:

Քրիստոնեայ համայնքապետները եւ պատրիարքները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին յանուն սուրիական հայրենիքին:

Սրբազան հայրը շնորհաւորեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Փեթերսոնին իր կատարած պատասխանատու աշխատանքին համար եւ վեհափառ հայրապետին ողջոյնները փոխանցեց անոր:



Չորեքշաբթի, 18 դեկտեմբերին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան Դամասկոսի մէջ ներկայ գտնուեցաւ ՄԱԿ-ի Սուրիոյ բանագնաց Կիր Փեթերսոնի հետ գումարուած հանդիպ...

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ Լիբանանեան-Ամերիկեան Ընկերային Ծառայութեան Համագործակցութեան Եւ Ընկերային Ծառայողներու Վերազի...
20/12/2024

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ Լիբանանեան-Ամերիկեան Ընկերային Ծառայութեան Համագործակցութեան Եւ Ընկերային Ծառայողներու Վերազինման Նուիրուած Ծրագիր
ՄԻՐԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ
Հանրային կապերու տնօրէն

2024 թուականի դեկտեմբեր 11-ին Հայկազեան համալսարանի Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոնը ընթացք տուաւ իր տարեվերջի նախաձեռնութեան` «Լիբանանեան-ամերիկեան ընկերային ծառայողներու աշխատանքի համագործակցութիւն: Լիբանանեան ընկերային ծառայողներու զինում` անբարենպաստ եւ խոցելի մարդոց հետ գործնականութեան նպատակով» խորագիրով: «Մուկար» շէնքի «Մաթոսեան» ցուցասրահին մէջ սեղմ շրջանակի մէջ կայացած ձեռնարկը, մասնագիտացած ներկայ հասարակութեան կողքին, ապահովեց առցանց լայն մասնակցութիւն:

Այս երկամեայ համագործակցային ծրագիրը, որ կը կատարուի Սամֆորտ համալսարանի (Պիրմինկհամ, Ալապամա, ԱՄՆ) հետ եւ ֆինանսաւորուած է Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն, նպատակ ունի զօրացնել Լիբանանի մէջ գործող ընկերային ծառայողներուն մասնագիտական աջակցութիւնը եւ հմտութիւնները` յատկապէս արտակարգ իրավիճակներու մէջ Գործող անձերուն ծառայելու համար: Նախաձեռնութեան մաս կը կազմեն ձեւաւորման գնահատման հարցաթերթիկ մը եւ հետագայ հարցազրոյցներ, որոնք կ՛ուսումնասիրեն Լիբանանի մէջ ընկերային ծառայողներու փորձառութիւնները, դժուարութիւնները եւ կարիքները: Այս Գնահատումներու հիման վրայ կը մշակուին չորս շարունակական կրթութեան ուսումնական դասընթացքներ` կեդրոնանալով գործնական եւ հմտութիւններու զարգացման վրայ: Ծրագիրը կարեւոր կը նկատէ համագործակցութիւնը եւ յարատեւութիւնը` ներգրաւելով տեղական ինքնակառավարման մարմիններ եւ մասնագիտական կազմակերպութիւններ:

Նախաձեռնութեան մեկնարկի արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան երկու համալսարաններուն, Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան, համապատասխան միութիւններու, կազմակերպութիւններու, սենտիքաներու ներկայացուցիչներ եւ ընկերային ծառայողներ, սկիզբ առաւ Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոնի պատասխանատու Քրիսթոֆըր Գճըլեանի բացման խօսքով, որուն մէջ ան ներկայացուց ծրագիրին ընդհանուր տեսութիւնը:

Ձեռնարկին ընթացքին հիմնական զեկոյցները ներկայացուցին նախագիծի համահեղինակներ` դոկտոր Շաղիկ Խուտավերտեանն ու Պետրոս Գազազեանը` Հայկազեան համալսարանէն, ինչպէս նաեւ` դոկտորներ Տէյվիտ Սեսիլն ու Ռեյչլ Հէյկզը` Սամֆորտ համալսարանի ընկերային ծառայութեան բաժանմունքէն:

Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան հանրային դիւանագիտութեան բաժամունքի Հասարակական կապերու մասնագէտ Էլի Ֆերնէյնի ներկայացուց իր դիտարկումները` որպէս նախագիծի դրամաշնորհի պաշտօնական ներկայացուցիչ:

Իր կարգին, Լիբանանի ընկերային ծառայողներու սենտիքայի նախագահ դոկտոր Տանիա Պատրանը շեշտեց սենտիքայի յանձնառութիւնը` խթանելու մասնագիտութիւնը շարունակական կրթութեամբ, պահպանելով բարոյական չափանիշները եւ իրագործելով նախաձեռնութիւններ, որոնք կը զօրացնեն ընկերային ծառայողները` արդիւնաւէտօրէն յաղթահարելու նորագոյն մարտահրաւէրները: Ան նաեւ շնորհաւորեց Հայկազեան համալսարանը` Լիբանանի մէջ ընկերային ծառայութեան մասնագիտական մակարդակը բարելաւելու նախաձեռնութեան համար:

Շինիչ քննարկումներէ եւ հարցում-պատասխան նիստէն ետք ձեռնարկը փակուեցաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի դոկտոր Փոլ Հայտոսթեանի խօսքով:

Այս ծրագիրը կը ֆինանսաւորուի Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան կողմէ:



ՄԻՐԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆՀանրային կապերու տնօրէն2024 թուականի դեկտեմբեր 11-ին Հայկազեան համալսարանի Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոնը ընթացք տուաւ իր տարեվերջի նախաձեռնո....

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կ՛ողջունէ Զուիցերիոյ Ազգային Խորհուրդի ԲանաձեւըՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նամակ մը յղեց...
20/12/2024

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կ՛ողջունէ Զուիցերիոյ Ազգային Խորհուրդի Բանաձեւը
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Մարիոն Վէյխելթին` ողջունելով Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդին կողմէ որդեգրումը պատմական բանաձեւի մը, որ երկրի դաշնակցային կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ կազմակերպելու միջազգային խորհրդաժողով մը` ջատագովելու համար արցախահայութեան տունդարձի իրաւունքը:

«Կ՛ողջունենք այս բանաձեւին որդեգրումը, որ Զուիցերիոյ օրէնսդիր մարմինին կողմէ կարեւոր ու քաջարի քայլ մըն է եւ կ՛ընդգծէ հայերու վերադարձի իրաւունքին աջակցող միջազգային իրաւական ու քաղաքական աճող թափը: Զուիցերիոյ Նահանգային խորհուրդին ու կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք` վաւերացնելու բանաձեւը եւ կազմակերպելու նման միջազգային խորհրդաժողով մը. ինչ որ մարդու իրաւունքներու եւ տագնապներու խաղաղ լուծման զուիցերիական դիւանագիտական աւանդութենէն բխող քայլ մըն է», եզրափակեց Հայ դատի մարմինը:



ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Մարիոն Վէյխելթին` ողջունելով Զուիցերիոյ Ազգային խորհուրդին կողմէ որդեգրումը պատմական բ...

Պլինքըն. «Անոնք, Որոնք Ասատի Օրով Շտապեցին Անոր Հետ Յարաբերութիւնները Վերականգնել, Փաստուեցաւ, Որ Սխալած Էին»Միացեալ Նահ...
20/12/2024

Պլինքըն. «Անոնք, Որոնք Ասատի Օրով Շտապեցին Անոր Հետ Յարաբերութիւնները Վերականգնել, Փաստուեցաւ, Որ Սխալած Էին»
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ տակաւին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի նստաշրջանի մնացած օրերուն ընթացքին Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման հասնելու նկատմամբ լաւատես է:

Ան միեւնոյն ժամանակ մերժեց այդ ջանքերուն յաջողութեան կարելիութեան նկատմամբ ենթադրութիւն կատարել:

Ուաշինկթըն նախապէս այդ հարցին մէջ իրերայաջորդ յուսախաբութիւններու մատնուած է:

Անդրադառնալով Սուրիոյ հարցին` Պլինքըն նշեց. «Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունի առիթ մը, որ նախատեսուած չէր, եւ անոնք, որոնք Պաշշար Ասատի օրերուն շտապեցին անոր հետ յարաբերութիւնները վերականգնել, փաստուեցաւ, որ սխալած էին»:

Ինչ կը վերաբերի Ուքրանիոյ հարցին, ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը վստահութիւն յայտնեց, որ Ուքրանիան ՕԹԱՆ-ի անդամ պիտի դառնայ, սակայն ատոր համար երկիրը պէտք է ձեռնարկէ «գործնական քայլերու», ներառեալ ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ զինուորական հաստատութիւններու բարեփոխման:

«Ի վերջոյ, Ուքրանիան պիտի ըլլայ եւ պէտք է ըլլայ ՕԹԱՆ-ի մէջ», ըսաւ ան:

Պլինքըն մերժեց այն պնդումները, թէ Միացեալ Նահանգներն ու Գերմանիան կը խոչընդոտեն Քիեւի` ՕԹԱՆ-ի միացումը: «Մենք Ուքրանիան դրինք ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու ճամբուն վրայ», ըսաւ ան:

Պատասխանելով Մոսկուայի դիրքորոշման մասին հարցումի մը` ան ընդունեց, որ «շատ, շատ դժուար» պիտի ըլլայ Ռուսիոյ ստիպել, որ համաձայնի կարգաւորման այն տարբերակին, որ պիտի ներառէ Ուքրանիոյ ՕԹԱՆ-ին միացումը:



Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ տակաւին Միացեալ Նահանգ...

Շարհ. «Սուրիան Ուժասպառ Է Եւ Վտանգ Չի Ներկայացներ Դրացիներուն Կամ Արեւմուտքին»Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններու ...
20/12/2024

Շարհ. «Սուրիան Ուժասպառ Է Եւ Վտանգ Չի Ներկայացներ Դրացիներուն Կամ Արեւմուտքին»
Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններու վարչութեան եւ Հայըաթ Թահրիր Շամի ղեկավար Ահմետ Շարհ (Ապու Մոհամետ Ժուլանի) «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ Սուրիան պատերազմէն ուժասպառ է եւ վտանգ չի ներկայացներ դրացիներուն կամ Արեւմուտքին:

Ան նաեւ կոչ ուղղեց ջնջելու Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները:

«Այժմ, տեղի ունեցած ամէն ինչէ ետք, պատժամիջոցները պէտք է վերցուին, որովհետեւ անոնք ուղղուած էին հին վարչակարգին դէմ, պէտք չէ զոհի եւ ճնշողի հետ նոյն ձեւով վարուիլ», ըսաւ Շարհ:

Անոր համաձայն, իր ղեկավարած Հայըաթ Թահրիր Շամը պէտք է հեռացուի ահաբեկչական խմբաւորումներու ցանկէն:

Անիկա ահաբեկչական ճանչցուած է ՄԱԿ-ի, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան եւ Բրիտանիոյ կողմէ, որովհետեւ եղած է Քայիտա ահաբեկչական խմբաւորման մէկ թեւը, սակայն անկէ անջատուած է 2016 թուականին:



Շարունակութիւն՝

Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններու վարչութեան եւ Հայըաթ Թահրիր Շամի ղեկավար Ահմետ Շարհ (Ապու Մոհամետ Ժուլանի) «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտար....

Աւստրալացի Երեսփոխանները Ազրպէյճանին Դիմած Են` Կոչ Ուղղելով Անյապաղ Ազատ Արձակելու Բակօ Սահակեանն Ու Դաւիթ ԻշխանեանըԱւստ...
20/12/2024

Աւստրալացի Երեսփոխանները Ազրպէյճանին Դիմած Են` Կոչ Ուղղելով Անյապաղ Ազատ Արձակելու Բակօ Սահակեանն Ու Դաւիթ Իշխանեանը
Աւստրալիոյ խորհրդարանի անդամ Մայքըլ Սըքքար դիմած է Ազրպէյճանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Վագիֆ Ճաֆարովին` կոչ ուղղելով անյապաղ ազատ արձակելու Բակօ Սահակեանը:

Սըքքար իր նամակին մէջ դեսպանատան տեղեկացուցած է Սահակեանի իբրեւ հովանաւոր հանդէս գալու իր մտադրութեան մասին եւ յորդորած ամսական թարմացումներ տրամադրել Արցախի նախկին նախագահի ֆիզիքական ու հոգեկան վիճակին վերաբերեալ:

«Պարոն Սահակեանը հովանաւորելու որոշումս պայմանաւորուած է հայ քաղաքական բանտարկեալներու փաստաբաններու, մասնաւորաբար` Ճարետ Կենսերի զեկուցումներով: Վերջինս ՄԱԿ-ի յատուկ զեկուցողին յայտնած է խոշտանգումներու, անմարդկային վերաբերմունքի սարսափելի դէպքերու մասին», Ճաֆարովին ուղղուած նամակին մէջ գրած է Սըքքար:

Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Միքայէլ Քոլոքոսեան համայնքի խորին երախտագիտութիւնը յայտնած է երեսփոխան Մայքըլ Սըքքարին Բակօ Սահակեանի քաղաքական հովանաւոր ըլլալու իր յանձնառութեան համար` ընդգծելով արդարութեան համար պայքարին մէջ նման քարոզչութեան կարեւորութիւնը:

Խորհրդարանի մէկ այլ անդամ Փոլ Ֆլեթչըր նոյն պահանջով հանդէս եկած է բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի վերաբերեալ:

Ան եւս նամակ գրած է Ազրպէյճանի դեսպանատան` կոչ ուղղելով անյապաղ ազատ արձակելու Դաւիթ Իշխանեանը:

Ֆլեթչըր Վագիֆ Ճաֆարովին ուղղուած իր նամակին մէջ կոչ ուղղած է կանոնաւոր կերպով տեղեկացնելու Իշխանեանի հոգեկան եւ ֆիզիքական առողջական վիճակին վերաբերեալ:

«Հաճոյք ստացած եմ 2019 թուականին Դաշնակցային խորհրդարանին մէջ անձամբ հանդիպելու պարոն Իշխանեանի հետ իմ տասնեակ խորհրդարանական գործընկերներուս հետ, եւ այդ պատճառով Ազրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ անոր ձերբակալութեան եւ կալանաւորման պայմանները առանձնապէս մտահոգիչ են ինծի համար… Աշխարհը կը հետեւի Ազրպէյճանին. Աւստրալիան կը հետեւի Ազրպէյճանին», գրած է խորհրդարանականը:

Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնած է Ֆլեթչըրին` բոլոր հայ պատանդներու ազատ արձակման ուղղուած իր նամակի եւ յանձնառութեան համար:



Աւստրալիոյ խորհրդարանի անդամ Մայքըլ Սըքքար դիմած է Ազրպէյճանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Վագիֆ Ճաֆարովին` կոչ ուղղելով անյապաղ ազատ արձակելու Բակօ Սահակե...

Ակնարկ. Եւրոպական Միութեան Դիտորդներու ԽաղաթուղթըԱզրպէյճանի նախագահին յայտարարութիւնը թրքական ուժերու Ազրպէյճանէն հեռացմ...
20/12/2024

Ակնարկ. Եւրոպական Միութեան Դիտորդներու Խաղաթուղթը
Ազրպէյճանի նախագահին յայտարարութիւնը թրքական ուժերու Ազրպէյճանէն հեռացման մասին առաջին հայեացքով տարակուսելի կը թուի: Ըստ իրեն, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու մասին Շուշիի հռչակագիրին մէջ կէտ կայ, որ կը նախատեսէ սպառնալիքի եւ յարձակումի պարագային փոխադարձ զինուորական օգնութիւն: Ատիկա թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ Թուրքիոյ պարտաւորութիւնն է` օգնութեան հասնիլ այն պարագային, եթէ այս կամ այն երկիրը բախի արտաքին սպառնալիքի, արտաքին յարձակումի: Ուստի հռչակագիրի այս կէտը, ըստ էութեան, բացարձակապէս աւելորդ կը դարձնէ այս կամ այն տարածքին մէջ մնայուն զինուորական ենթակառոյցներու ստեղծումը:

Այս յայտարարութեան քաղաքական ընթերցումը որեւէ կերպ խնդրոյ առարկայ չի դարձներ «Մէկ ազգ երկու պետութիւն» բանաձեւը որդեգրած թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի ամրութիւնը: Մանաւանդ որ աւելի քան տեսանելի է ազրպէյճանական բանակին ամբողջովին թրքական համակարգի վերածումը: Ազրպէյճանական բանակը քայլ առ քայլ կը վերածուի թրքական բանակի ստորաբաժանումի:

Ալիեւի կողմէ նման յայտարարութիւն մը գրեթէ բացառուած է, որ ինքնուրոյն է: Թրքական կողմին հետ համաձայնեցուած, եթէ ոչ նոյնիսկ անոր կողմէ պատուիրուած:

Նախ եւ առաջ Մոսկուային ուղղուած բաժին կայ անոր մէջ: Ռուսական զօրքերը հեռացան Արցախէն: Թրքական ստորաբաժանումը շարունակեց մնալ Ազրպէյճանի մէջ: Այսինքն` Կովկասի մէջ: Կովկասը դասական իմաստով ռուսական տիրոյթ է, ուր ռուսը կը նահանջէ, թուրքը կը թափանցէ: Ազրպէյճան դէպի Ռուսիա ձեւական քայլ կ՛առնէ այս ձեւով իր համագործակցութեան հիմքերը վերաամրացնելու առումով, մանաւանդ որ ռուս-թրքական գիծին վրայ կ՛երեւին ճեղքեր եւ հակասութիւններ, մանաւանդ Սուրիոյ մէջ: Միանշանակ այդպէս չէ:

Գլխաւոր ուղերձը այս չէ սակայն: Հիմնականը այն է, որ միաժամանակ նոյն յայտարարութեան մէջ Ազրպէյճանի նախագահը կը խօսի հայկական կողմին հետ կնքուելիք համաձայնագիրի վիճելի կէտերուն մասին: Այնտեղ կայ պահանջ Պաքուէն, որ կ՛ըսէ, թէ սահմանին միւս կողմը` սահմանին վրայ այլ երկիրներու ներկայացուցիչներ չտեղակայուին:

Հիմա նախ եւ առաջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան չեղեալ նկատուիլն է, որ կը պահանջուի Պաքուէն: Այս ձեւով Պաքուն պիտի ըսէ, որ ինք երրորդ երկրի ուժի պիտի չարտօնէ իր տարածքներուն վրայ ներկայութիւն ըլլալ. նոյնիսկ` Թուրքիոյ: Հետեւաբար Հայաստանը եւս սկսելու համար Եւրոպական Միութեան դիտորդները պէտք է տուն ճամբէ:

Այս ձեւակերպումը սակայն կրնայ ընկալուիլ այնպէս, որ արտատարածքային որեւէ միջանցք ալ պէտք չէ գործէ երկու երկիրներու պարագային: Հիմա Ռուսիոյ յղուած ուղերձը հակառակ ուղղութեամբ է: Նոյեմբերեան յայտարարութեան 9-րդ կէտով ռուս խաղաղապահները հաղորդուղիներուն վրայ պիտի ունենային վերահսկողական ծառայութիւն: Միջանցքի պայմանը չ՛արծարծուիր, սակայն այնպիսի կէտ առաջ կը քշուի, որ կը բացառէ այլ ուժի ներկայութիւնը այս պարագային Հայաստան -Իրան սահմանին:

Այս ձեւակերպումով կամ այս պայմանով այս անգամ Իրանին ուղերձ կը յղէ Ազրպէյճանը: Նոյն տրամաբանութեան մէջ մնալով թրքական ուժերը չեն կրնար տեղակայուիլ Ազրպէյճանի մէջ, իսկ ռուսականը` Իրանի սահմանին:

Թրքականին չտեղակայուիլը Ազրպէյճանի մէջ այնքան էական նշանակութիւն չունի, եթէ ընդունինք, որ ազրպէյճանական բանակը ածանցեալ ստորաբաժանումի վերածուած է արդէն թրքականին: Մանաւանդ որ Թուրքիոյ նախագահը կը յոխորտար, որ Թուրքիան միայն միջազգայնօրէն իր ճանչցուած տարածքին ամբողջականութեամբ չի յատկանշուիր: Իսկ ռուսականին արգելակումը լուրջ հարուած է Մոսկուայի առաջադրանքին:

Յայտարարութիւնները անպայման չեն համապատասխաներ տեղի ունենալիք քաղաքական գործընթացներուն: Այս յայտարարութիւնը կրնայ միայն Եւրոապական Միութեան դիտորդներու հեռացման ծառայեցուիլ: Մնացեալ հիմնական բաժինները կրնան շատ արագ վերափոխուիլ:

Օրինակ, Թուրքիան կը վերարծարծէ Եւրոապական Միութեան համարկման եւ անդամակցութեան իր առաջադրանքները: Դերերու բաժանումով Ազրպէյճանի պահանջը Թուրքիոյ միջամտութեամբ կրնայ վերափոխուիլ: Իսկ Անգարան այդ պահանջը փոխելու համար Եւրոապական Միութենէն քայլ կ՛ակնկալէ. ապասառեցում դէպի Եւրոապական Միութեան իր համարկման գործընթացին:



Ազրպէյճանի նախագահին յայտարարութիւնը թրքական ուժերու Ազրպէյճանէն հեռացման մասին առաջին հայեացքով տարակուսելի կը թուի: Ըստ իրեն, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դաշ....

Հենրիխ Մխիթարեան Կը Խօսի Ինթերի Հետ Իր Ծրագիրներուն ՄասինԻտալիոյ «Սերի Ա.» 16-րդ հանգրուանին ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանա...
19/12/2024

Հենրիխ Մխիթարեան Կը Խօսի Ինթերի Հետ Իր Ծրագիրներուն Մասին
Իտալիոյ «Սերի Ա.» 16-րդ հանգրուանին ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք, Ինթեր Միլանի հայ միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան «Տազն» կայանին հետ ունեցաւ կարճ զրոյց մը, որուն ընթացքին խօսեցաւ Ինթերի հետ իր ծրագիրներուն մասին:

«Կը կարծեմ, որ այս մէկը շատ կարեւոր խաղ էր մեզի համար: Մենք շատ դասեր քաղած էինք Պայեր Լեւերքուզընի («Չեմփիընզ լիկ»-ի) մրցումէն: Վերլուծած էինք տեղի ունեցածը եւ լաւապէս պատրաստ էինք յաղթելու Լացիոյին: Մենք կը մասնակցինք երկու, երեք, նոյնիսկ չորս մրցաշարքերու: Իտալիոյ բաժակ, Իտալիոյ գերբաժակ, «Սերի Ա.» եւ «Չեմփիընզ լիկ»: Մենք այս բոլորը կը խաղանք յաղթելու համար: Չեմ կրնար ըսել, թէ բոլոր մեր մրցումներուն պիտի յաղթենք, բայց մեր գլխաւոր նպատակը այդ է: Մենք կը ցանկանք կարելի եղածին չափ վերջին հանգրուաններուն հասնիլ», ըսաւ Մխիթարեան, որ այս տարեշրջանին Ինթերի շապիկով 4-րդ էսիսթը կատարեց Լացիոյի դէմ մրցումին:



Իտալիոյ «Սերի Ա.» 16-րդ հանգրուանին ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք, Ինթեր Միլանի հայ միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան «Տազն» կայանին հետ ունեցաւ կարճ զրոյց մը, որուն ...

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Մասնաճիւղի Ընտանիքը Մեծ Շուքով Կատարեց Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 55-Ամեակի Պաշտօնական ՎերամուտըՇաբաթ, 30...
19/12/2024

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի Մասնաճիւղի Ընտանիքը Մեծ Շուքով Կատարեց Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 55-Ամեակի Պաշտօնական Վերամուտը
Շաբաթ, 30 նոյեմբեր 2024-ին, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, 2024-2025 տարեշրջանի պաշտօնական վերամուտը եւ աստիճանատուչութիւն տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ` մասնակցութեամբ աւելի քան 300 սկաուտներու եւ շեփորախումբին:

Պաշտօնական վերամուտին ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ Սկաուտական խորհուրդի անդամներ:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Պեքայի հոգեւոր հովիւ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան:

ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 55-ամեակին առիթով խօսք առաւ մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Կարօ Պէրպէրեան: Ինչպէս նաեւ խօսք առին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանայինի ընդհանուր խմբապետուհին եւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի խմբապետուհին:

Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:



Շաբաթ, 30 նոյեմբեր 2024-ին, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետակ...

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Սիրոյ Սեղան` Ամանորի ԱռիթովԿը գտնուինք տօնական օրերու նախօրեակին, որ առիթ է` ազնուացնելու ...
19/12/2024

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Սիրոյ Սեղան` Ամանորի Առիթով
Կը գտնուինք տօնական օրերու նախօրեակին, որ առիթ է` ազնուացնելու մեր հոգիները, բարիք բաժնելու, ուրախութիւն ու ծիծաղ սփռելու եւ լոյս տարածելու մեր շուրջը, մանաւանդ` բոլոր անոնց, ծանօթ թէ անծանօթ, որոնք կեանքի դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն իրենց առօրեային մէջ:

Ու հաւատարիմ բարիք, ուրախութիւն ու ծիծաղ սփռելու իր ազնիւ առաքելութեան` «Ճինիշեան» յիշատակի հիմնարկը չորեքշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2024, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ կազմակերպեց Ամանորի սիրոյ սեղան մը, յատկացուած` հիմնարկին բարգաւաճման ծրագիրին մաս կազմող կիներուն: Ներկայ էին` Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Գրիգոր եպս. Պատիշահ` օգնական եպիսկոպոս Պէյրութի կաթողիկէ պատրիարքական թեմին եւ վերապատուելի Հրայր Չոլաքեան` ներկայացուցիչ Միջին Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան եւ այլ հիւրերու:



Շարունակութիւն՝

Կը գտնուինք տօնական օրերու նախօրեակին, որ առիթ է` ազնուացնելու մեր հոգիները, բարիք բաժնելու, ուրախութիւն ու ծիծաղ սփռելու եւ լոյս տարածելու մեր շուրջը, մանաւանդ` բո....

Եւրոպական Յանձնաժողովի Նախագահը Կոչ Կ՛ուղղէ` Վերատեսութեան Ենթարկելու Սուրիոյ Դէմ Հաստատուած Կարգ Մը ՊատժամիջոցներըԵւրոպ...
19/12/2024

Եւրոպական Յանձնաժողովի Նախագահը Կոչ Կ՛ուղղէ` Վերատեսութեան Ենթարկելու Սուրիոյ Դէմ Հաստատուած Կարգ Մը Պատժամիջոցները
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն յայտնեց. «Հին Սուրիան չքացաւ, սակայն նոր Սուրիան տակաւին չծնաւ, իսկ Ասատի տապալումը սուրիացիներուն ազատագրումն էր»:

«Յաջորդ փուլը նոր Սուրիոյ կազմաւորման համար վճռորոշ պիտի ըլլայ, եւ Եւրոպան անոր մէջ դերակատարութիւն պիտի ունենայ», աւելցուց Ֆոն Տեր Լեյեն:

«Սուրիոյ մէջ նոր վարչակարգին կողմէ քաջալերական քայլեր տեսանք, սակայն տակաւին կան անպատասխան մնացող հարցումներ», ըսաւ ան` նշելով. «Պիտի աշխուժացնենք նոր վարչակարգին եւ Սուրիոյ բոլոր խմբաւորումներուն հետ մեր ուղղակի հաղորդակցութիւնները»:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը յայտնեց. «Մեր շահերէն կը բխի Սուրիոյ մէջ բոլորը ներառող խաղաղ փոխանցում տեղի ունենալը»:

«Պէտք է վերատեսութեան ենթարկենք կարգ մը ոլորտներու վրայ մեր պատժամիջոցները` դիւրացնելու համար Սուրիոյ մէջ վերաշինութիւնը», նշեց Ֆոն Տեր Լեյեն:

«Ասատի տապալումը շատերուն յոյս տուաւ, եւ տեղահանուածներուն վերադարձը պէտք է կամաւոր ըլլայ առանց պարտադրման», յայտնեց ան` աւելցնելով. «Պատրաստ ենք Սուրիոյ մէջ ենթակառոյցի` աստիճանական քայլերու ձեւով վերականգնման մասնակցելու»:

Աւստրիոյ վարչապետ Քարլ Նէյհամեր գերմանական «Ֆելթ» օրաթերթին յայտնեց, որ «Եւրոպան անմիջական կարիք ունի Սուրիոյ նկատմամբ համապարփակ ռազմավարութեան»` նշելով. «Եւրոպայի համար օգուտ պիտի չըլլայ, եթէ սուրիացի քաղաքացիները պարզապէս Եւրոպայի մէջ վերաբաժնուին, այլ ռազմավարութեան նպատակը պէտք է ըլլայ սուրիացի ժողովուրդին իր հայրենիքին մէջ նոր հորիզոններ տրամադրելը»: Ան աւելցուց, որ ատիկա նաեւ ժողովրդավարութեան կառուցումը կը ներառէ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Մօտէն կը հետեւինք Սուրիոյ մէջ կացութեան զարգացումներուն եւ այդտեղի նոր իշխանութիւններուն ապահովութեան հաստատման վերաբերեալ խոստումներուն գործադրութեան»:

«Մեծ ջանք թափեցինք Սուրիոյ մէջ քաղաքական կարգաւորման համար, սակայն իշխանութիւնը ձախողեցաւ ընդդիմութեան հետ շինիչ երկխօսութիւն կատարելու», նշեց նախարարութիւնը:

«Սուրիոյ գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան երաշխաւորման անհրաժեշտութեան վերաբերեալ մեր դիրքորոշումը հաստատ է», յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Սուրիոյ ապագան պէտք է սուրիացիները անձամբ ճշդեն, եւ պէտք է ազգային համաձայնութեան գոյացման համար միջսուրիական երկխօսութիւն կատարել»:



Շարունակութիւն՝

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն յայտնեց. «Հին Սուրիան չքացաւ, սակայն նոր Սուրիան տակաւին չծնաւ, իսկ Ասատի տապալումը սուրիացիներուն ազատագրո....

Հայըաթ Թահրիր Շամի Զինուորական Հրամանատարը Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Կ՛ուղղէ` Սուրիոյ Մէջ Իսրայէլեան Ռմբակոծման Ու Ներթափ...
19/12/2024

Հայըաթ Թահրիր Շամի Զինուորական Հրամանատարը Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Կ՛ուղղէ` Սուրիոյ Մէջ Իսրայէլեան Ռմբակոծման Ու Ներթափանցման Լուծում Գտնելու
Հայըաթ Թահրիր Շամի զինուորական հրամանատար Մըրհեֆ Ապու Քասրա յայտնեց. «Քրտական ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջանները պիտի միացուին երկրին մէջ նոր վարչութեան, եւ դաշնակցային դրութիւնը կը մերժենք»:

Քասրա միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ իսրայէլեան ռմբակոծումին եւ ներթափանցման լուծում գտնելու:

Ան ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Կառուցումը զինուորական հաստատութեան մը, որուն մաս կը կազմեն ընդդիմադիր բոլոր խմբաւորումները, յաջորդ քայլն է»:

«Որեւէ պետութեան մէջ բոլոր զինուորական միաւորները պէտք է մաս կազմեն այս հաստատութեան», նշեց ան:

Ինչ կը վերաբերի այն հարցումին, թէ Հայըաթ Թահրիր Շամի զինուորական թեւը պիտի լուծարուի՞, ան ԱՖՓ-ին յայտնեց. «Հաստատօրէն, Աստուած ուզէ այդ քայլին նախաձեռնողներուն առաջինը պիտի ըլլանք, եւ պիտի շարունակենք նախաձեռնել որեւէ քայլ, որ երկրին ընդհանուր շահը կ՛ապահովէ»:



Հայըաթ Թահրիր Շամի զինուորական հրամանատար Մըրհեֆ Ապու Քասրա յայտնեց. «Քրտական ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջանները պիտի միացուին երկրին մէջ նոր վարչութ....

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց` Սուրիական Ղեկավարութեամբ Սուրիացիներուն Ձգտումները Բաւարարող Քաղաքական Համապարփ...
19/12/2024

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց` Սուրիական Ղեկավարութեամբ Սուրիացիներուն Ձգտումները Բաւարարող Քաղաքական Համապարփակ Հոլովոյթ Մը Գործադրելու
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կոչ ուղղեց` Սուրիոյ մէջ գործադրելու քաղաքական միախմբող հոլովոյթ մը, «որ կը ղեկավարուի անոր ժողովուրդին զաւակներուն կողմէ»:

Ապահովութեան խորհուրդը միաձայնութեամբ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղեց` սուրիացի ժողովուրդը կարող դարձնելու իր ապագան ճշդելու` նշելով, որ քաղաքական հոլովոյթը պէտք է բաւարարէ սուրիացիներուն ձգտումները եւ զանոնք կարող դարձնէ ժողովրդավարական կերպով ճշդելու իրենց ապագան:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը նաեւ կոչ ուղղեց` կիրարկելու սուրիական ղեկավարութեամբ համապարփակ քաղաքական հոլովոյթ մը, որ հիմնուած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2254 որոշումի հիմնական սկզբունքներուն վրայ:

Խորհուրդը նաեւ ընդգծեց ՏԱՀԵՇ-ի եւ ահաբեկչական այլ խմբաւորումներուն Սուրիոյ մէջ իրենց կարողականութեան վերականգնման արգելք հանդիսանալու անհրաժեշտութիւնը:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը մատնանշեց անհրաժեշտութիւնը երկրի բոլոր կողմերը գտնուող կարիքաւոր քաղաքայիններուն յաւելեալ միջազգային օժանդակութիւն տրամադրելու` Սուրիոյ եւ անոր դրացիներուն կոչ ուղղելով` խուսափելու որեւէ արարքէ, որ կ՛ականահարէ շրջանային անվտանգութիւնը:



ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կոչ ուղղեց` Սուրիոյ մէջ գործադրելու քաղաքական միախմբող հոլովոյթ մը, «որ կը ղեկավարուի անոր ժողովուրդին զաւակներուն կողմէ»:Ապահովութե...

Առնաութ. «Ասատի Տապալումէն Ետք Մոսկուան Պէտք Է Սուրիոյ Մէջ Իր Ներկայութիւնը Վերատեսութեան Ենթարկէ»Սուրիոյ նոր անցումային...
19/12/2024

Առնաութ. «Ասատի Տապալումէն Ետք Մոսկուան Պէտք Է Սուրիոյ Մէջ Իր Ներկայութիւնը Վերատեսութեան Ենթարկէ»
Սուրիոյ նոր անցումային կառավարութեան քաղաքական բաժինի բանբեր Օպէյտա Առնաութ Ռուսիոյ կոչ ուղղած է վերատեսութեան ենթարկելու երկրին մէջ իր ներկայութիւնը` Մոսկուայի դաշնակից նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի տապալումէն ետք: Այս մասին կը հաղորդէ «Եուրոնիուզ»-ը:

«Ես կը կարծեմ, որ Ռուսիան պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ սուրիական տարածքին մէջ իր ներկայութիւնն ու շահերը», ըսած է Առնաութ:

Անոր համաձայն, Մոսկուան կրնայ համագործակցիլ նոր վարչակազմին հետ` ցոյց տալու, որ «Սուրիոյ ժողովուրդին նկատմամբ թշնամութիւն չունի»:

Ռուսիան Սուրիոյ մէջ ունի երկու ռազմակայան` Լաթաքիոյ նաւահանգիստին մօտ գտնուող Հմէյմիմ օդուժի ռազմակայանն ու Միջերկրական ծովու ափին գտնուող Թարթուս ծովուժի ռազմակայանը: Մոսկուան եւ Դամասկոսը 2017 թուականին համաձայնագիր ստորագրած են այնտեղ 49 տարի տեւողութեամբ ռուսական զինուորական ուժերու ներկայութեան մասին: Յենակէտները կը նկատուին Քրեմլինի ռազմավարական կարեւորագոյն կէտերէն:

«Եուրոնիուզ» կը նշէ, որ Թարթուսի ռազմակայանը յատկապէս կարեւոր է, որովհետեւ Ռուսիոյ կ՛ապահովէ իր միակ ուղիղ ելքը դէպի Միջերկրական ծով եւ կը ծառայէ իբրեւ ծովուժի ռազմափորձերու եւ մարտանաւերու տեղակայման կէտ:

Արեւմտեան վերլուծաբաններն ու հետախուզական ծառայութիւնները կը խօսին Սուրիայէն ռուսական զօրքերու լայնածաւալ դուրսբերման մասին, սակայն Մոսկուան տակաւին չէ հաստատած այդ տեղեկութիւնը:

Նախապէս տեղեկութիւններ կային, որ ռուսական սպառազինութեան մեծ շարասիւնը Լաթաքիայէն հեռացուած է դէպի Թարթուս: Մասնագէտները վերլուծած են արբանեակային պատկերները եւ յայտնաբերած բեռնատարներ եւ զրահափոխադրիչներ, որոնք հասած են Թարթուս:

Սուրիոյ անցումային կառավարութեան բանբեր Առնաութի համաձայն, Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ վերջին տեղաշարժերը յստակ չեն: Ան ընդգծած է, որ նաւատորմիղի նաւերը նաւահանգիստներէն հեռացնելու եւ ռազմակայաններէն զինուորական մեքենաներու շարասիւները տեղափոխելու որոշումը յստակ ցոյց չի տար, թէ արդեօք Քրեմլին իսկապէս կը նահանջէ՞, թէ՞ ատիկա անոնց կանոնաւոր տեղաշարժերուն մէկ մասն է:

«Կը կարծեմ, որ Ռուսիան պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ սուրիական տարածքին մէջ իր ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ իր շահերը: Անոնց շահերը կապուած էին Ասատի յանցաւոր վարչակարգին հետ: Անոնք կրնան վերատեսութեան ենթարկել եւ ձեռնարկել նոր վարչակազմին հետ կապ հաստատելու նախաձեռնութիւններ` ցոյց տալու, թէ իրենք թշնամութիւն չունին սուրիացի ժողովուրդին նկատմամբ, եւ որ Ասատի վարչակարգի դարաշրջանը վերջապէս աւարտած է», եզրափակած է Առնաութ:



Սուրիոյ նոր անցումային կառավարութեան քաղաքական բաժինի բանբեր Օպէյտա Առնաութ Ռուսիոյ կոչ ուղղած է վերատեսութեան ենթարկելու երկրին մէջ իր ներկայութիւնը` Մոսկուայի...

Դրօ Եւ Նժդեհ Արցախի ՄէջՍիւնիքի Եւ Արցախի Միջեւ Թաթարական Սեպի Վերացում Թիֆլիսի ՀամագումարըԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆՇուշիի հայութեա...
18/12/2024

Դրօ Եւ Նժդեհ Արցախի Մէջ
Սիւնիքի Եւ Արցախի Միջեւ Թաթարական Սեպի Վերացում Թիֆլիսի Համագումարը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Շուշիի հայութեան կոտորածէն եւ քաղաքի ու շրջակայ գիւղերու աւերումէն ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը որոշեց օգնութեան հասնիլ կենաց մահու պայքար մղող Արցախի հայութեան: Դրոյի գլխաւորութեամբ հայկական մարտական ուժեր 13 ապրիլ 1920-ին Արցախ մտան:

Դրօ Ապրիլ 15-ին զօրահաւաք յայտարարեց Վարանդայի մէջ, եւ հեծելազօրքի հաւաք` Դիզակի մէջ: Զէնքի տակ հաւաքուեցաւ երեք հազար հետեւակ եւ հինգ հարիւր ձիաւոր: Միաժամանակ Զանգեզուրէն, Երեւանէն նոր ստացուած իննսուն հազար փամփուշտ եւ երկու հազար ռումբ Արցախ տեղափոխուեցաւ:



Շարունակութիւն՝

Սիւնիքի Եւ Արցախի Միջեւ Թաթարական Սեպի Վերացում Թիֆլիսի ՀամագումարըԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Դրօ Գարեգին ՆժդեհՇուշիի հայութեան կոտորածէն եւ քաղաքի ու շրջակայ գիւղերու աւե...

Address

Shaghzoyan Cultural Center , Bourj Hamoud
Beirut

Opening Hours

Monday 08:00 - 18:00
Tuesday 08:00 - 18:00
Wednesday 08:00 - 18:00
Thursday 08:00 - 18:00
Friday 08:00 - 18:00
Saturday 08:00 - 14:00

Alerts

Be the first to know and let us send you an email when Aztag Daily posts news and promotions. Your email address will not be used for any other purpose, and you can unsubscribe at any time.

Contact The Business

Send a message to Aztag Daily:

Share

Category